Այցելութիւններ Հայաստանի ՄԷջ Կայացած Սուրիահայերուն. Սարգիս Եահյէեան
Նոյեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Այցելութիւններ Հայաստանի մէջ կայացած սուրիահայերուն» ծրագիրի ծիրէն ներս այցելեց սուրիահայ Սարգիս Եահյէեանի հիմնած «Զէյթունա» արաբական եւ հայկական ուտեստներու ընտանեկան խոհանոց-պանդոկ, հետաքրքրուեցաւ ճաշացանկով, այցելուներով, շրջեցաւ գեղեցիկ կահաւորուած սրահներուն մէջ:
Նախարարը կարեւոր համարեց, որ սուրիահայերը կրնան Հայաստանի մէջ յաջող գործարարութիւն իրականացնել, հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ:
Տնօրէնը` Սարգիս Եահյէեան, ընտանիքով Հայաստան տեղափոխուած է մէկուկէս տարի առաջ` իր երեխաներուն հետ: Արդէն ութ ամիս է, որ կ’աշխատին, գոհ են արդիւնքներէն, եւ հաստատ որոշած են մնալ Հայաստանի մէջ: