«Նմանօրինակ Համաժողովները Լաւագոյն Հարթակ Են Իսրայէլահայերու Հիմնախնդիրները Բարձրաձայնելու Համար».Արտեոմ Չերնամորեան
«Իսրայէլահայեր» թերթի գլխաւոր խմբագիր, Երուսաղէմի «Նայիրի» հայկական միութեան հիմնադիր նախագահ Արտեոմ Չերնամորեան կը մասնակցէր Հոկտեմբեր 20-24 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին, որմէ ստացած տպաւորութիւններուն եւ Երուսաղէմի հայկական համայնքին մասին խօսած է «Հայերն այսօր»-ին հետ հարցազրոյցին ընթացքին:
–Պարո՛ն Չերնամորեան, ե՞րբ առաջին անգամ լոյս տեսած է «Իսրայէլահայեր» ամսաթերթը:
-Որպէս պատմական ակնարկ` ըսեմ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առաջին տպարանը բացուած է Երուսաղէմի մէջ` 1850-ական թուականներուն, որմէ ետք սահմանափակ քանակով լոյս տեսած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի «Սիոն» արեւմտահայերէն թերթը: Վերջին տարիներուն թերթը, կարծես, երեք անգամ լոյս տեսած է:
Ես Իսրայէլի մէջ ստեղծեցի Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի մասին պատմող եբրայերէն լեզուով առաջին www.armenia.co.il համացանցային կայքը: Սա աշխարհի մէջ բացառիկ ցանցային կայքերէն է, ուր հրեան կրնայ համապարփակ տեղեկութիւն ստանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան մասին:
Ցաւօք, արդէն երկու տարի է` նիւթական խնդիրներու պատճառով, կայքին մէջ նոր լուրեր չեն զետեղուիր: Ուստի, նպատակայարմար գտանք հայկական տպագիր մամուլ ունենալ` հիմք դնելով «Իսրայէլահայեր» համայնքային ամսաթերթի ստեղծման: Առհասարակ, 14 տարի շարունակ անընդհատ համայնքէն ներս կը խօսուէր թերթ ունենալու անհրաժեշտութեան մասին: Թերթի առաջին համարը լոյս տեսած է 2013 թուականի Փետրուարին: Արդէն 30 համար տպագրուած է, որուն գունաւոր էջերուն վրայ ընթերցողը կը գտնէ միայն Իսրայէլի հայ համայնքին, հայ-հրէական յարաբերութիւններուն, դիւանագիտական հանդիպումներուն, համայնքային հիմնախնդիրներուն, համերգներուն եւ այլ ձեռնարկներու առնչուող հրապարակումներ: Նաեւ շատ կ’անդրադառնանք պաղեստինա-իսրայէլական հակամարտութիւններուն, քանի որ մենք ալ թէժ գօտիի մէջ կը գտնուինք: Նշեմ, որ թերթը անվճար կը բաժնենք Իսրայէլի ամբողջ տարածքով:
–Լրատուական գործունէութիւն ծաւալելէ բացի, հիմնած էք նաեւ «Նայիրի» միութիւնը: Մանրամասնութեա՞մբ կը պատմէք այդ մասին:
– Միութեան ստեղծումը յոյժ կարեւոր էր համայնքին համար: 2005 թուականի Մայիս 14-ին ստեղծուած է Իսրայէլի արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ արձանագրուած, օրինական գործող միակ հայկական «Նայիրի» միութիւնը, որուն նախագահը ես եմ:
Միութեան ստեղծումը մեծ ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն յառաջացուց համայնքէն ներս: «Նայիրի» միութեան նպատակներէն մէկը ոչ միայն Հայաստանի հետ կապերու ամրապնդումն է, այլեւ` հայ-հրէական ջերմ յարաբերութիւններու ձեւաւորումը:
– Առաջին անգա՞մ կը մասնակցէիք Լրագրողներու համահայկական համաժողովին:
-Ոչ, երկրորդ անգամ: Առաջին մասնակցութիւնս եղած է 2014 թուականի Սեպտեմբեր 19-21 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Հայաստան-Սփիւռք հինգերորդ համաժողովի ծիրէն ներս կայացած Լրագրողներու 7-րդ համաժողովի ժամանակ: Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը հինգ հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն ուղարկած էր, որուն կազմին մէջ մասնակցեցայ` որպէս «Նայիրի» միութեան նախագահ:
Ինչպէս գիտենք, Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի կազմակերպման հիմնական նպատակը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած աշխատանքներու համակարգուած կազմակերպումն էր, որ բարեբախտաբար, մենք պատուով կատարեցինք:
– Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ի՞նչ ձեռնարկներ իրականացուցած էք:
– Ամբողջ ծրագիրները նախապէս քննարկած ենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ` իրականացնելով Երուսաղէմի միացեալ յանձնախումբին հետ, որուն աշխատանքները կը համակարգէ յանձնախումբի համակարգող խորհուրդի ղեկավար, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի միջեկեղեցկան կապերու եւ արտաքին յարաբերութիւններու ղեկավար տէր Կորիւն վարդապետ Բաղդասարեան: Յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները եւ աւանդական կուսակցութիւնները:
Ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Պարոն Տէր կալուածին մէջ մենք ծառատունկ կազմակերպեցինք, որուն ժամանակ ձիթենիներ տնկեցինք: Իւրաքանչիւր ձիթենի իր հասցէն ունի: Եւ այս տարի Մայիս ամսուն մենք ծառ տնկողներուն GPS հասցէով վկայագիրներ տուինք: Տուեալ անձը, իմանալու համար, թէ իր տնկած ծառը ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի, կրնայ մեքենայով Իսրայէլի որեւէ շրջանէ գալ, գտնել եւ խնամել ծառը:
Սա եզակի նախաձեռնութիւն էր, որեւէ համայնքի կամ գուցէ աշխարհի մէջ նման ծառատունկ չէ եղած:
Նաեւ համերգներ կազմակերպած ենք, տասէ աւելի գիտաժողովներ իրականացուցած, որուն տարբեր մասնագէտներ հրաւիրած ենք Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն եւ այլ երկիրներէ: Ահա սա էր Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովէն ստացած արդիւնքները:
Փոքրաթիւ համայնք ըլլալով` կրցանք կեդրոնացնել մեր ներուժը եւ յաւուր պատշաճի իրականացնել բոլոր ձեռնարկները: Եւ, ընդհանրապէս, մեր ուժերն ու հնարաւորութիւնները համախմբելով` կրնանք համայնքը կանգուն պահել:
Համագործակցութեան մէջ կը գտնուինք Պետախ-Տիկուա (Յոյսի դարպասներ) քաղաքին հետ, որուն քաղաքապետը մեզի հետ շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի: Կը գործէ հայկական դպրոց, նաեւ սկաուտական նոր շարժում սկսած ենք:
Կը պայքարինք խառնամուսնութիւններու դէմ: Գովեստի արժանի են հայ ծնողները, որոնք ամէն ջանք կը գործադրեն ամառնային արձակուրդներուն գոնէ մէկ ամիսով իրենց երեխաները Հայաստան ուղարկելու, որպէսզի անոնք չհեռանան Հայրենիքէն եւ հայրենասիրութեամբ լեցուին:
– Լրագորղներու համահայկական 8-րդ համաժողովէն սպասելիքները արդարացա՞ն:
-Առհասարակ, նմանօրինակ համաժողովներուն մասնակցիլը լաւագոյն հարթակ է Իսրայէլի հայ համայնքի հիմնախնդիրները բարձրաձայնելու համար:
Նկատելի էր, որ շատ մարդ եկած էր մասնակցելու, որոնց հնարաւորութիւն ունէինք բացատրելու, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի Իսրայէլի մէջ:
Այսօր բոլորը կը խօսին սուրիահայերու խնդիրներու եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին, բայց կը մոռնան անդրադառնալ Սուրիոյ եւ Լիբանանին յարակից Իսրայէլ պետութեան մէջ տեղի ունեցող պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութիւններուն, որուն արդիւնքով 1948 թուականէն մինչեւ այսօր հայկական համայնքին գրեթէ մէկ տոկոսը մնացած է: Եթէ 1948 թուականին Երուսաղէմի մէջ կը հաշուէր 20.000-էն աւելի հայ, ապա այսօրուան դրութեամբ` ընդամէնը 2000 հայ կ’ապրի Երուսաղէմի մէջ:
Այս 2000 հայերու ուսերուն դրուած է ողջ հայկական ժառանգութեան, հայերու իրաւունքի, հայկական հողերու, հայկական եկեղեցիներու, ծիսակատարութիւններու պաշտպանութեան ծանր ու պատասխանատու գործը:
Համաժողովներու ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով` կը դիմեմ Հայաստանի պետական մարմիններուն` մեր հանդէպ աւելի ուշադիր ըլլալու համար, քանի որ համայնքը այսօր ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Զրուցեց Գէորգ Չիչեան