«Արցախէն Լիբանան Հետս Պիտի Տանիմ Խիղճ». Ահարոն Շխրտմեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/11/Ահարոն-Շխրտմյան.jpg)
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին կը մասնակցէր Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան: «Հայերն այսօր»-ը Ահարոն Շխրտմեանի հետ զրուցած է համաժողովի աշխատանքներու, Արցախ կատարած այցելութեան ու յետագայ ընելիքներու շուրջ:
– Պարո՛ն Շխրտմեան, Դուք առաջին անգամ կը մասնակցէիք Լրագրողներու համահայկական համաժողովին: Ինչպէ՞ս կը բնորոշէք համաժողովի աշխատանքները:
– Այո՛, Լրագրողներու համահայկական համաժողովին առաջին անգամ կը մասնակցէի: Հրաւէրներ միշտ ստացած եմ, սակայն զանազան պատճառներով մասնակցելու եւ ներկայ գտնուելու առիթ չէր ընձեռուած: Պէտք է մեծապէս շնորհակալ ըլլամ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան, անոր Կեդրոնական վարչութեան, որ հնարաւորութիւն ընձեռեց զիս մասնակցելու, եւ աւելի լսելի դարձնելու այս մեծ կազմակերպութեան ձայնը համաժողովին ընթացքին:
Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը համահայկական մեծագոյն կազմակերպութեան` Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան երիտասարդական շարժումն է եւ հայապահպանութեան միտուած հսկայական ու շատ կարեւոր աշխատանք կը կատարէ Սփիւռքի մէջ` իր երիտասարդական, մարզական, համալսարանական, սկաուտական, մշակութային շարժումներով: Ընկերակցութեան հովանիին ներքոյ գործող հռչակաւոր «Արին» պարախումբը, «Անդրանիկ» փողերախումբը, 1959 թուականին հիմնադրուած հանրածանօթ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը կարեւոր մշակութային առաքելութիւն կը կատարեն ամբողջ Սփիւռքին մէջ: Իսկ սկաուտական շարժումը ոչ միայն ազգային, այլեւ` համալիբանանեան տարողութեամբ ձեռնարկներու մնայուն ներկայութիւն է: Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը ջերմ կապեր ունի նաեւ Հայրենիքի հետ: Այն մեծ ներդրում ունեցած է եւ այսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման, փոխյարաբերութիւններու սերտացման գործին մէջ: Իսկ քանի մը օր առաջ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը արժանապատիւ կերպով, համագաղութային տարողութեամբ եւ մեծ հանդիսութեամբ նշեց իր հիմնադրութեան 85 եւ միաժամանակ ՀԲԸՄ-ի 110 ամեակները:
Անդրադառնալով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած համաժողովին` նշեմ, որ շատ օգտակար էր ու արդիւնաւէտ: Այն ոչ միայն հնարաւորութիւն տուաւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներու եւ հայրենիքի մէջ գործունէութիւն ծաւալող լրագրողներուն, խմբագիրներուն նոր ծանօթութիւններ հաստատելու կամ հին կապերը նորոգելու, այլեւ կրցանք շատ կարեւոր հարցեր միասնաբար քննարկելու եւ ուղիներ փնտրելու:
Համաժողովին ամենակարեւոր կէտերէն մէկը, օրինակ, սփիւռքեան մամուլի միջոցով սփիւռքահայ գործարարներուն ինչ որ ձեւով քաջալերելն է, որպէսզի անոնք ներդրումներ կատարեն Հայաստանի մէջ եւ յատկապէս` Արցախի մէջ:
Մենք չենք կրնար հայրենասիրութեան դասեր տալ մարդոց, որոնք ամէն մէկ մեթրի, քարի համար իրենց կեանքը զոհած են, արիւն թափած եւ կը շարունակեն թափել: Բայց մենք կրնանք մեր լուման ներդնել եւ օգնել, որպէսզի այդ մարդիկ, որոնք զոհերու գնով հայրենիք կը կերտեն, կարենան իրենց ինքնուրոյնութիւնը, հայկական դիմագիծը պահպանել: Այդ մարդոց մենք պէտք է ամէն գնով օգտակար ըլլանք: Այս առումով ես վստահ եմ, որ բոլոր ներկաները ատիկա զգացին ու ապրեցան: Եւ իրենց երկիրներ վերադառնալէ ետք` անպայման օգտակար ըլլալու ճանապարհներ կը սկսին փնտրել:
– Պարո՛ն Շխրտմեան, համաժողովի ծիրէն ներս Դուք առաջին անգամ այցելեցիք Արցախ` նաեւ առաջնագիծ: Ինչպիսի՞ զգացողութիւններով վերադարձած էք Արցախէն:
– Այո, կարեւոր էր, որ առաջին անգամ ոչ միայն Արցախ այցելեցի, այլեւ` առաջնագիծ, ու հնարաւորութիւն ունեցայ սեփական աչքով տեսնելու, թէ Հայոց բանակի զինուորները ինչպէս կը պահպանեն մեր սահմանները: Երբ կը տեսնես հայ զինուորը, որ սահմանագիծին փոքրիկ մատուռ մը ստեղծած է` Աստուածածնի նկարներով ու զանազան աղօթքներ պարունակող գրութիւններով, եւ ապաւինած Աստուծոյ եւ իր զէնքին` պատրաստ է իր կեանքը զոհելու յանուն հայրենիքի, որպէսզի իր հարազատներն ու բարեկամները ապահով ու խաղաղ ապրին, շատ բաներ կեանքիդ մէջ նոր իմաստ կը ստանան: Այս ինքնազոհողութենէն աւելի մեծ ի՞նչ խորհուրդ կրնայ գոյութիւն ունենալ: Ատիկա մեծագոյն ապացոյցն է` ինչ ըսել է հայրենասիրութիւն: Հայրենասիրութիւնը ճառախօսութիւն չէ: Հայրենասիրութիւնը սահմանին կանգնած հայ զինուորի «լուռ» սխրանքն է, որ պէտք է գնահատել, արժեւորել ոչ թէ խօսքերով, այլ` գործով:
Արցախի մէջ լրագրողներէն մէկը հարցուց` ի՞նչ պիտի տանիք Արցախէն, ըսի` խիղճ: Չեմ գիտեր` ինչպիսի մարդ պէտք է ըլլաս, որ սահմանին կանգնած զինուորին, Արցախի փխրուն խաղաղութիւնն ու ազատութեան համար պայքարող մարդոց տեսնելով` վերադառնալէ ետք պէտք է այլեւս չապրիս Արցախով:
– Կարելի է ըսել, որ Արցախ կատարած այցը Ձեր մէջ շատ բան փոխած է:
– Այո, ու եթէ մինչեւ հիմա մենք Արցախի մասին յօդուածներ կը գրէինք, կը ներկայացնէինք հայ զինուորը, ժողովուրդի քաջագործութիւններն ու սխրանքները, հայրենասիրութիւնը, հիմա առաւել յաճախ պէտք է գրենք: Արցախ կատարած ուղեւորութիւնս պարտադրեց ինծի աւելին ընելու: Միայն խօսելով պէտք չէ բաւարարուինք: Առաջարկեցի, եւ ատիկա նաեւ տեղ գտած է համաժողովի յայտարարութեան մէջ, որ իւրաքանչիւր լրատուամիջոց` տպագիր եւ ելեկտրոնային, որպէս գլխագիր-խորագիր` ունենայ «Ինչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» կարգախօսը: Սա շատ կարեւոր է եւ կը ստիպէ մարդոց խորհելու, որ իրենք պարտականութիւն ունին Արցախի համար:
Այս գաղափարն է, որ մէջս բոցավառուեցաւ Արցախի մէջ, եւ այս ուղղութեամբ պէտք է շատ աշխատանք տանինք ապագային: Եզրափակելով միտքս` նշեմ, որ հետս պիտի տանիմ նաեւ աշխատանքի առաքելութիւնը:
– Պարո՛ն Շխրտմեան, համաժողովին տարբեր հարցեր քննարկուեցան: Հնչած առաջարկներէն ո՞ր մէկը կամ որո՞նք կ’առանձնացնէիք:
– Համագործակցութեան գաղափարը, որ բազմիցս շեշտուեցաւ: Սփիւռքի եւ Հայրենիքի լրատուամիջոցներուն միջեւ կապերը պէտք է աւելի ամրապնդել, որովհետեւ հանրային կարծիք ստեղծելու մէջ երկուքն ալ առանձին-առանձին եւ միասնաբար մեծ ընելիք ունին, յատկապէս` հայրենաշինութեան, հայրենիքի առօրեան, հասարակական, տնտեսական կեանքը լուսաբանելու, նուաճումները արձանագրելու ուղղութեամբ: Ես չեմ ըսեր, որ պէտք չէ քննադել, թող քննադատեն, բայց թող այն կառուցողական ըլլայ, այլ ոչ թէ միայն սեւցնելու համար:
Գործակցիլը շատ կարեւոր է եւ կ’օգնէ նոր գաղափարներ, մօտեցումներ առաջ քաշելու եւ իրագործելու: Խորհրդակցելուն` արդիւնքը աւելի դրական կ’ըլլայ: Փոխադարձ օգնութիւնը նոր որակ կրնայ հաղորդել մամուլի աշխատանքներուն:
Չեմ ըսեր, որ առ այսօր փոխգործակցութիւն չկար, պարզապէս պէտք է զօրացնել: Օրինակ` ապրիլեան դէպքերուն ժամանակ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցները մէկ կեցուածք դրսեւորեցին: Հայրենիքի անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը կարեւոր համարելով` կրցան միասնաբար դրական հանրային կարծիք ձեւաւորել: Այդ օրերուն միասնութեան գաղափարը ամրացաւ իւրաքանչիւրիս մէջ` անկախ որեւէ պատկանելիութենէ ու հայեացքներէ: Պէտք է այն զարգացնենք, այլ ոչ թէ փորձենք իրար, կատարուած աշխատանքը մրոտել` շատ յաճախ ոչ ազնիւ միջոցներով ու մարդոց կատարածը սեւցնելով: Այս իմաստով` միասնականութեան ոգին պէտք է փորձենք ամրացնել: Ըսել է թէ` գաղափարական առումով տարբեր լրատուական կայքեր պէտք է փորձեն միատեսակ քարոզչութիւն կատարել:
– Եւ վերջին հարցը. արդէն ծրագրա՞ծ էք Ձեր յաջորդ այցելութիւնը Արցախ:
– Պիտի գամ այնպիսի եղանակի, որ մշուշ չըլլայ, որպէսզի կարենամ վայելել Արցախի բնութիւնը եւ գեղեցկութիւնը: Այդ ժամանակ, վստահ եմ, որ Արցախն ամբողջովին ազատագրուած եւ միջազգային ճանաչում ձեռք բերած պետութիւն կ’ըլլայ: Եւ Արցախ այցելող իւրաքանչիւր մարդ` հերոս արցախցիներու աչքերուն մէջ անպայման կը տեսնէ այդ ուրախութիւնը:Վստահ եմ` այդ այցելութիւնը շուտ պիտի ըլլայ:
Լուսինէ Աբրահամեան