«Պարբերաթերթը Ծնունդ Է, Իսկ Իւրաքանչիւր Ծնունդ Պարտաւոր Ենք Պահելու Ու Պահպանելու». Ճուլիետ Մարտիրոսեան

ՀՀ  սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպերպած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին կը մասնակցէին հայաստանեան եւ սփիւռքեան  շարք մը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Անոնց շարքին մէջ նորօրեայ երիտասարդ լրագրողներու  կողքին էին նաեւ երկարամեայ վաստակ ու փորձ ունեցող լրագրողներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ պահած ու պահպանած են  աւանդական տպագիր մամուլը. անոնցմէ մէկուն` երկարամեայ կենսագրութիւն ունեցող, ժամանակին  շատ սիրուած ու փնտրուող եւ այսօր ալ նոյնքան գնահատելի վարկանիշ ունեցող «Աւանգարդ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ճուլիետ Մարտիրոսեանի հետ ալ կայացաւ իմ զրոյցս «Հայերն այսօր»-ի համար

Յարգելի՛ Ճուլիետ Մարիտիրոսեան, Դուք երկար տարիներ կրցած էք մեծ դժուարութիւններով, կարելի է ըսել` հերոսաբար, պահել ու պահպանել «Աւանգարդ»ը: Որպէս վաստակաշատ լրագրող ու խմբագիր, Ձեր մասնակցութիւնը  բերելով այս համաժողովին, որքանո՞վ  կարեւոր կը համարէք նման համաժողովները:

-Ես գերադրական աստիճանով կ’ըսէի, որ այս համաժողովները անգնահատելի են: Առաջին հերթին` տեղեկատուութիւն տարածող հանրոյթը կը ճանչնայ զմիմեանս, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները կը մերձենան, ընդհանրութիւններ կը գտնեն մեր համազգային խնդիրներուն շուրջ եւ ամենակարեւորը` այսպիսի համաժողովները նաեւ կողմնորոշում  կու տան. Մէկուն ըրած գործը  բան բան մը կը յուշէ միւսին, ատիկա փոխադարձաբար  տեղի կ’ունենայ: Այս տեսանկիւնէն անգնահատելի է համաժողովներու դերը: Իսկ ընդհանուր առմամբ, եթէ  լրագրողական հանրութենէն դուրս գանք, հասարակութեան համար ալ կարեւոր է, որովհետեւ, ի վերջոյ, որքան ալ լրագրողի կերպարը որոշ պարագաներուն կիսաընդունելի է, երբեմն ալ  վատ կ’ընդունուի, միեւնոյնն է, լրատուութիւնը կը  սպասեն իրմէ, կարծիքը կը ստանան   իրմէ կամ կը ձեւաւորեն անոր տեղեկատուութեան հիման վրայ:

Ձեր կարծիքով ի՞նչ կը  պակսի լրատուական դաշտին մէջ, որուն առանցքին շուրջ պէտք  պտտիլ, որուն պէտք է յենուիլ:

-Լրատուութեան առանցքը պէտք է ըլլայ  քրիստոնէական անաչառութեամբ տեղեկատուութիւն հաղորդելը. օրուան ելեկտրոնային եւ հրատապ լրատուութիւն հաղորդողները սոսկ անաչառ լրատուութիւնը տան եւ ոչ թէ հատուածներ` իրենց ճաշակով, իսկ  ունինք պարբերականներ, որոնք պէտք է տան վերլուծութիւն: Լրագրողական աշխատանքի առանցքը ատիկա՛ է, սակայն Հայաստանի մէջ ատիկա, յամէնայն դէպս, կը բացակայի եւ որքան հասցուցած եմ ծանօթանալ, աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ ալ այն կը բացակայի, որովհետեւ ֆինանսաւորման խնդիրը ոչ մէկ ձեւով կը լուծուի: Տեղեկատուութիւնը, ըլլալով ամենաթանկ ապրանքը, այդուհանդերձ, չի կրնար վարձատրուիլ այնքան լրատուութիւն սպառողներէն` հեռուստադիտողներէն, ռատիոունկնդիրներէն, ընթերցողներէն, որովհետեւ չկայ վերադարձ, մանաւանդ` հայաստանեան իրականութեան մէջ, նաեւ` դուրսը եղած հայ լրատուամիջոցները արդէն կախուած կը մնան ֆինանսաւորողէն, որովհետեւ, ի վերջոյ, պէտք է աշխատանքը  կատարուի, իսկ ֆինանսաւորողն ալ, բնականաբար, իր շահերը ունի: Ես չեմ պնդեր, թէ անպայման վատն են այդ շահերը, բայց բոլոր պարագաներուն մէջ այդտեղ արդէն կը վերանայ առարկայականութիւնը, իսկ մեր իրականութեան պարագային իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի, քաղաքական հակումներ ունեցող ոեւէ գործարարի կամ որեւէ կառոյցի  կողմէ իրենց շահը որոնելը օրինաչափ է: Քիչ մը գռեհիկացուած  դարձած է այդ արտայայտութիւնը, բայց` «վճարողը կը պատուիրէ նաեւ երաժշտութիւնը». ա՛յ, առանցքայինը ատիկա է:

Վերջին հարցս`  այս  տարիներուն այնքա՜ն  շատցած են համացանցային կայքերը, ելեկտրոնային պարբերականները, հեռուստաընկերութիւններն ու ռատիօ ընկերութիւնները, տպագիր  լրատուամիջոցներըեւ, այնուամենայնիւ, որքան ալ նորարական արհեստագիտութիւններով ստեղծուող, օրէ օր աւելցող լրատուամիջոցները կը հեղեղեն մեր  լրատուադաշտը, տպագիր մամուլը կը մնայ եւ դուրս չի մղուիր դաշտէն. ի՞նչ կը կարծէք տպագիր մամուլը կը կարենա՞յ արդեօք երկար գոյատեւել այս խայտաբղետ, նորարական արհեստագիտութիւններու լրատուական յորձանուտին մէջ:

-«Երկարատեւ»-ը  յարաբերական բառ է, յաւերժութեան չափ ոչ մէկը ու ոչ մէկ բան կը գոյատեւէ. շատ լրատուամիջոցներ կան, որոնք կը ծնին րոպէական, նախընտրական տարի է, կրկին կը ծնին.  քիչ մը հումոր կը ստացուի, սակայն նախընտրական մամուլին համար ստեղծուածները արդէն իսկ կը յուշեն, որ մարդը  տպագիր մամուլէն կը  ստանայ…կը պատմէին, թէ երբ հեռուստատեսութիւնը ստեղծուած է, թատրոնի մարդոց սպառնացած են, որ թատրոնը կը վերանայ, բայց թատրոնը չվերացաւ, եւ այսօր նոր զարգացումներով, նոր դրսեւորումներով ամէն նորի հետ կը վերահաստատուի, նոյնը` նաեւ տպագիր մամուլը: Կարօտախտ կայ գիրքի, թէ չէ ` ինչու՞ պէտք է մարդիկ գիրքեր տպագրեն: Ըսեմ, որ տպագիր մամուլի վերանալու որեւէ սողանցք չեմ տեսներ: Կան նուիրեալներ, որոնք հետամուտ են եւ տառապանքով միջոցներ կը հայթայթեն` իրենց պարբերաթերթը ապրեցնելու համար, որովհետեւ ատիկա ծնունդ է, իսկ իւրաքանչիւր ծնունդ  պարտաւոր ենք պահելու ու պահպանելու:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

Scroll Up