Լիբանանահայ Մտաւորական Յակոբ Գույումճեանի Պարգեւատրումը

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը լիբանանահայ մտաւորական, ճարտարապետ եւ ասմունքող Յակոբ Գույումճեանը ծնած է Պէյրութ, յաճախած  «Յովակիմեան Մանուկեան» վարժարանը: 1966-1971 թթ. ուսանած է Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ (Փոլիտեխնիկ), ստանալով ճարտարապետի մասնագիտութիւն:

«Հայաստանի մէջ  ուսանելուս ուսուցիչներս նպաստեցին, որոնք ամէն գնով մեզ հայրենասիրութեամբ կ’ոգեշնչէին: Անոնք, Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդ ըլլալով, մտքի մէջ Հայրենիք վերադառնալու յոյսը միշտ վառ կը պահէին»,-կը յիշէ Յակոբ Գույումճեան եւ կ’աւելցնէ, որ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ ուսանիլը  իրենց համար երազանք  եղած է, որուն հետեւանքով` չորս դասընկերներով  որոշած են  Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսում ստանալ:

Ուսումնառութենէն  ետք Յակոբ Գույումճեան վերադարձած է Պէյրութ եւ աշխատած ճարտարապետական գրասենեակներու մէջ, ուր տարիներու ընթացքին երկու տարբեր գրասենեակներու մէջ տնօրէնի աստիճանին  հասած է:

Ապա, ինչպէս կը նշէ Յակոբ Գույումճեան, 1985 թուականին ունեցած է իր անձնական ճարտարապետական գրասենեակը: Մասնագիտական աշխատանքի տարիներուն ընթացքին, որոնք համընկած են լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմական տարիներուն հետ, աշխատանքը վերիվայրումներով եւ տատանումներով  ընթացած է: Սակայն, հակառակ այդ բոլորին, մասնագիտական ասպարէզին մէջ ան  կրցած է արգասաբեր ստեղծագործական կեանք ունենալ:

Աշխատանքային գործունէութեան տարիներուն Յակոբ Գույումճեան Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի երկիրներուն համար իրագործած է բազմազան ճարտարապետական նախագիծեր:

Իր նախագիծով իրագործուած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կառուցուած «S.O.S» մանկական գիւղերու համալիրները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ նախագծած եւ իրականացուցած է բազմաթիւ բարձրայարկ բնակարանային, գրասենեակային շէնքեր եւ առանձնատուներ:

Ասմունքի աշխարհը Յակոբ Գույումճեանին դեռեւս մանկութեան տարիներէն  գերած է: Դպրոցին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներուն ժամանակ  աչքի ինկած է բանաստեղծութիւններու անթերի կատարումներով. ուսուցիչները, անոր մօտ նկատելով այդ տաղանդը, միշտ քաջալերած են եւ առաջարկած, որ դպրոցական հանդիսութիւններուն ժամանակ անպայման արտասանէ:

Ապա Հայաստանի մէջ ուսանողական տարիներուն ասմունքելու յաճախակի առիթներ  եղած են: Իր ասմունքով տպաւորուած`դրուատանքի եւ քաջալերանքի խօսքեր ըսած են Սիլվա Կապուտիկեան, Ռաֆայէլ Արամեան ու Լեւոն Միրիջանեան, Պարոյր Սեւակն ու Մկրտիչ Կորիւնը, ինչպէս նաեւ այլ մտաւորականներ:

1967-1971 թթ. որպէս ասմունքող` հրաւիրուած է Օլիա Սարգսեանի կողմէ անուանի արուեստագէտներ Վլադիմիր Աբաջեանի, Բաբգէն Ներսիսեանի,  Մետաքսիա Սիմոնեանի, Վարդուհի Վարդերեսեանի  եւ շատ ուրիշ արուեստագէտներու կողքին մաս կազմելու Հայֆիլհարմոնիայի «Հայհամերգ» գեղարուեստական խումբի ելոյթներուն:

Յակոբ Գույումճեան հայ մեծանուն վարպետներուն հետ նոյն բեմին վրայ ելոյթ ունենալը բարեբախտութիւն կը համարէ եւ կ’աւելցնէ, որ հէնց այդ տարիներուն ալ հիմնաւոր կերպով ամրապնդուած է ասմունքի ասպարէզին նուիրուելու անոր մտածողութիւնը: Այդ տարիներուն է նաեւ, որ Հայաստանի պետական ռատիոյի սփիւռքահայութեան համար կատարուող ձայնասփռումներու պատասխանատու տնօրէն Շահէ Տատուրեան զինք կ’առաջարկէ սփիւռքահայութեան համար տրուող հաղորդումներու ընթացքին պարբերական ելոյթներ ունենալ արեւելահայ եւ յատկապէս` արեւմտահայ քերթուածներու ասմունքով: Տիպլոմային աշխատանքներու ժամանակահատուածին, Օլիա Սարգսեան կ’առաջարկէ Հայհամերգի հովանաւորութեամբ Յակոբ Գույումճեանի համար մենահամերգ կազմակերպել:

Սակայն տիպլոմային զբաղուածութեան պատճառով Յակոբ Գույումճեան կը հրաժարի առաջարկէն, որուն մասին մինչեւ այսօր ափսոսանքով կը յիշէ: Ապա բեմական գործունէութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1971 թուականի կէսերը` այսինքն անոր ուսումնառութեան աւարտը, որմէ ետք Յակոբ Գույումճեան կը վերադառնայ Լիբանան:

Յետագային` 1978-1997 թուականներուն, Երեւան այցելութիւններուն ընթացքին ռատիօ հաղորդավարներու առաջարկով արձանագրութիւններ ըրած է արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծներէն, ինչպէս նաեւ իր ստեղծագործութիւններէն:

«1987-ին Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Վարդգէս Պետրոսեան զիս Երեւան հրաւիրեց` ելոյթ ունենալու հայաստանեան հանդիսատեսի համար:

Տարիներու ընթացքին գրական մենահամերգներով հանդէս  եկած եմ Սփիւռքի բոլոր հայաշատ համայնքներուն մէջ` Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներ:

Վերջին տարիներուն բարեբախտութիւն  ունեցած եմ մասնաւորապէս 2012 թուականի աշնան, ՀՀ եւ ԼՂՀ   մշակոյթի նախարարութիւններու հրաւէրով ելոյթ ունենալու Հայաստանի մէջ` Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային դահլիճին եւ Ստեփանակերտի երիտասարդութեան պալատին մէջ, ինչպէս նաեւ` Վանաձորի մէջ` ներկայացնելով համամարդկային բովանդակութեամբ, Հայրենիքին, հայ ժողովուրդին նուիրուած եւ սիրային բանաստեղծութիւններու յայտագիրներ:

Յաջորդող տարիներուն հրաւիրուած եւ ելոյթ  ունեցած եմ Գիւմրիի, Թեհրանի, Ամմանի եւ Նիքոսիոյ մէջ»,-կ’ըսէ Յակոբ Գույումճեան:

Յակոբ Գույումճեանի սիրելի բանաստեղծներն ու բանաստեղծութիւնները շատ են, որոնք առանձնացնելուն` դժուարութեան առջեւ կը կանգնի: Հոգեհարազատ են իրեն համար այն բանաստեղծներն ու քերթուածները, որոնք զգացական, տրամաբանական հաւասարակշռուածութիւն ունին եւ կ’անդրադարնան մարդկային եւ համամարդկային տագնապներու յաճախ անտեսանելի խորունկ ու նուրբ ծալքերուն:

Տեղին է նշել, որ Յակոբ Գույումճեան ասմունքին զուգահեռ` երկար տարիներ գործունէութիւն  ծաւալած է լիբանանահայ ազգային, քաղաքական եւ, մասնաւորաբար, մշակութային կառոյցներուն մէջ: Զբաղեցնելով պատասխանատու պաշտօններ` փորձած է նաեւ այդ միջոցով սատարել սփիւռքահայ ժողովուրդի հայապահպանման ու դիմադրողական կորովի ամրապնդման: Նմանօրինակ գործունէութեան եւ նուիրումի խթանը անոր ազգային ինքնութեան հպարտութիւնն էր, իսկ նպատակը` այդ հպարտութեամբ վարակել նաեւ իւրաքանչիւր սփիւռքահայու, որպէսզի Սփիւռքին տարանջատող եւ այլակերպող կեանքի յորձանուտին մէջ  անոր հոգին ամուր ըլլայ:

Սակայն իր հաւատամքը այս բոլորի մարմնաւորման ճանապարհին` հզօր Հայաստանն է, այն կարեւորագոյն հիմնաքարը, որուն պէտք է ապաւինիլ եւ ուժ ստանալ, որուն, ինչպէս Յակոբ Գույումճեան կը հաստատէ, ան կապուած է խոր գիտակցութեամբ եւ մեծ սիրով:

Վերջաբանի փոխարէն.

Օրեր առաջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման եւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու համար` Յակոբ Գույումճեանին պարգեւատրած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլեամ Սարոյեան» մետալով, որուն մասին արուեստագէտը զրոյցի աւարտին շեշտեց.

«Շնորհակալ եմ, որ երկար ու ձիգ տարիներուս աշխատանքը անթաքոյց չմնաց ՀՀ սփիւռքի նախարարին կողմէ` ինծի նման վերաբերմունքի եւ գնահատանքի արժանացնելով: Յոյսով եմ` այսուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեան հիմքերը աւելի կ’ամրապնդուին եւ նոր ծիլեր կու տան: Առհասարակ, բարձր կը գնահատեմ նախարարութեան գործունէութիւնը: Վստահաբար, սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէէն ետք  Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացման գործը ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ազնուօրէն կը կատարէ»:

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up