«Արցախփրէս»-ը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Է Թեհրանի «Ալիք» Օրաթերթին Հետ

«Արցախփրէս» լրատուական գործակալութեան եւ Թեհրանի «Ալիք» հայկական օրաթերթին միջեւ Հոկտեմբեր 23-ին, Ստեփանակերտի մէջ, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի արցախեան նիստի աւարտին համագործակցութեան յուշագիր  ստորագրուած է:

Յուշագիրին համաձայն` «Արցախփրէս» լրատուական գործակալութիւնը եւ Թեհրանի «Ալիք» հայկական օրաթերթը այսուհետ կ’ունենան սերտ համագործակցութիւն: Մասնաւորապէս, կ’իրականացուին տեղեկատուութեան փոխանակման, լրագրողներու փոխայցելութիւններու կազմակերպման, եւ համատեղ նախագիծերու իրականացման աշխատանքներ, որոնք ուղղուած կ’ըլլան Հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման:

Յուշագիրի ստորագրման ներկայ գտնուած են ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Հայրենիք-Սփիւռք կապի ամրապնդման ուղղուած այս կարեւոր իրադարձութիւնը իր ներկայութեամբ պատուած է նաեւ հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան:

Ի դէպ, անկախութեան անցած 25 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ Արցախի եւ սփիւռքի լրատուամիջոցներու միջեւ համագործակցութեան յուշագիր կը ստորագրուի:

արցախ2

Scroll Up