Արցախի Եւ Սփիւռքի Լրատուամիջոցներու Փոխհամագործակցութիւնը Շարունակական Պէտք Է Ըլլայ. Շահան Գանտահարեան
Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու անկութեան 25-րդ տարեդարձերու կապակցութեամբ. այն իր մէջ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ, որ կ’իրականացուի հէնց Երեւանի ու Ստեփանակերտի մէջ:
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր, հայ լրագրողներու համաժողովները համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեան` ընդգծելով, որ 2010 թուականին լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովը եւս իրականացուած է Ստեփանակերտի մէջ:
«Այդ ժամանակ քննարկած ենք տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները եւ յատկապէս հակառակորդի սանձազերծած ապատեղեկատուութիւնները, տեղեկատուական ահաբեկչութիւնը դիմակայելու ռազմավարական խնդիրները: Ատիկա ալ հիմք ծառայած է, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական լրատուադաշտերը արդէն պատրաստ էին դիմակայելու տեղեկատուական խնդիրներուն եւ պատուով դուրս գալու նաեւ տեղեկատուական պատերազմէն: Որեւէ սայթաքում չեղաւ, եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը, միասնաբար հանդէս գալով, ազդեց, որ միջազգային հանրային կարծիքը ճիշդ կողմնորոշուի ապրիլեան դէպքերուն վերաբերեալ` թէ ով էր նախայարձակ եղողը, ահաբեկիչը եւ ինչպիսի անմարդկային արարքներ ցուցաբերած են ատրպէյճանցիները, որոնք միշտ ալ ներկայացած են որպէս պատերազմական չափանիշները խախտող երկիր: Այս ամէնուն առարկայական լուսաբանման եւ մեկնաբանման, վերլուծման մէջ լուրջ դերակատարութիւն ունէր հայկական մետիա դաշտը: Սփիւռքի մէջ մենք զգացած ենք այն միացեալ քննարկումները, որոնք իրականացուած են Ստեփանակերտի մէջ»,- ըսած է Շ. Գանտահարեան եւ աւելցուցած, որ 2010 թուականին լրագրողներու 5-րդ համահայկական համաժողովը նպաստեց Արցախի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն միջեւ փոխճանաչողութեան` նպաստելով փոխհամագործակցութեան: Այդ կապերը ալ աւելի սերտացած ու խորացած են հէնց այդ համաժողովէն ետք. այսօրուան համաժողովն ալ ատոր շարունակութիւնն է:
Շ. Գանտահարեանի խօսքով` այսօր ալ Սփիւռքի մէջ կան լրատուամիջոցներ, որոնք մշտապէս կ’օգտուին Արցախի լրատուական դաշտէն: Սփիւռքի մէջ կան նաեւ լրատուամիջոցներ, որոնք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ունին իրենց թղթակիցները: