Հայաստանը Կը Սպասէ Երազ Ու Տեսիլ Ունեցող Մարդոց Վերադարձին

Հոկտեմբեր 20-ին ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած էր ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ  համաժողովի մասնակիցները:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` հանդիպումէն ետք համաժողովի մասնակից, ամերիկահայ լրագրող, հրապարակախօս Արմէն Հարէյեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է.

«Երէկ հանդիպման էինք վարչապետին մօտ: Եթէ մարդը ժամը 20:00-ին կը հանդիպէր մեր հետ ու 22:00-ին նոր տուն կը հասնէր, ուրեմն երկրին նկատմամբ անտարբեր չէ: Սա շատ խօսող փաստ է: Շատ անկեղծ էր, կ’ուզէր, որ հաւատանք ու վստահինք իրենց ջանքերուն: Կ’ուզէր, որ օգնենք ու «թեւերս պատրաստ» մասնակցինք պետականակերտման գործին: Ըսաւ` միայն իրենց աշխատանքով կրնան ատիկա ցոյց տալ, ու «Ամէն օր ազդակ պիտի ուղարեն» այդ մասին: Ըսաւ, որ մեր ազգը անհաւատալի դժուարութիւններու դիմակայած է ու այսօրուան դժուարութիւնները նոյնպէս կը յաղթահարենք: Ըսաւ, որ կը փնտրեն ու կը սպասեն լաւ կրթուած, առաջնորդութիւն ցուցաբերած, երկրին նկատմամբ երազ ու տեսիլ ունեցող մարդոց վերադարձին, որ մասնակցին պետականակերտման գործին ու լեռներ շարժեն: Շատ լաւ հանդիպում էր: Թող Աստուած օրհնէ ամէն արդար մարդու գործը ու մշակներ հանէ իր արտին մէջ աշխատելու համար:

Բարի լոյս սիրելի մարդիկ»:

Արմեն Հարեյան

Scroll Up