«Հայկական Մամուլը Կրնայ Մրցիլ Որեւէ Երկրի Լրատուադաշտի Հետ». Սեւակ Յակոբեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/IMG_4646.jpg)
«Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակը լաւագոյն առիթն էր «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու համահայկական համաժողով կազմակերպելու համար: Կարեւոր կը համարեմ նաեւ Արցախի մէջ համաժողովի իրականացումը, քանի որ Արցախի հողէն ստացած ուժը իր արձագանքը կ’ունենայ սփիւռքահայերուն մօտ: Յստակ կ’երեւի, որ համաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպուած է, մասնակիցներուն թիւն ու աշխարհագրութիւնը մեծցած է, իսկ աշխատանքները համակարգուած ձեւով առաջ կ’ընթանան»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան` աւելցնելով, որ կայացած համաժողովներու արդիւնքով հայաստանեան եւ սփիւռքեան ԶԼՄ-ներուն միջեւ հզօր լրատուացանց ստեղծուեցաւ, ամրապնդուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող լրատուամիջոցներու կապը, նոյնիսկ առողջ մրցակցութիւն կը նկատուի իրարու միջեւ, իսկ խմբագիրներու եւ լրագրողներու անձնական յարաբերութիւնները սերտացած են:
Սեւակ Յակոբեանի կարծիքով` Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուական ներուժի համախմբման, համահայկական նշանակութեան խնդիրները լուծելու համար կարեւոր է միասնականութեան գաղափարը: Սփիւռքեան համայնքներուն մէջ գործող լրատուամիջոցներէն իւրաքանչիւրն իր հերթին պէտք է նպաստէ երկուստեք փոխհամագործակցութեան:
«Պէտք է միշտ յիշենք` մամուլն ուղղակի կը ծառայէ պետութեան շահերուն` անկախ այն հանգամանքէն, թէ ինչ ուղղուածութիւն եւ դիրքորոշում ունի:
Արդէն ժամանակն է, որ արտասահմանեան լրատուամիջոցները Հայաստանի մէջ իրենց գրասենեակները բանան: Իսկ առայժմ այդ գործը պէտք է Սփիւռքի լրատուամիջոցները ստանձնեն, որուն միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մասին Սփիւռքի եւ աշխարհի մէջ առարկայական, անաչառ տեղեկատուութիւն կը տարածուի:
Ցայտուն օրինակ էր ապրիլեան պատերազմը, երբ այդ օրերուն աշխարհ ապատեղեկատուութիւն կը ստանար, որուն պատճառը յստակ պարզ էր. միջազգային լրատուական գործակալութիւնները ոչ թէ Երեւան կը գտնուէին, այլ` Պաքու: Առհասարակ, ես այն կարծիքին եմ, որ հայկական մամուլը, որպէս միասնական կառոյց, կրնայ մրցիլ որեւէ երկրի լրատուադաշտի հետ»,-իր խօսքը ամփոփեց Սեւակ Յակոբեան:
Աւելցնենք, որ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը կազմակերպած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը` լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համատեղ: Համաժողովի մեկնարկը տրուած է Հոկտեմբեր 20-ին` Երեւանի մէջ, որուն աշխատանքները կը շարունակուին Հոկտեմբեր 21-ին: Իսկ Հոկտեմբեր 23-24 համաժողովը կ’իրականացուի Ստեփանակերտի մէջ:
Համաժողովի առաջին օրը մասնակիցները հանդիպումներ ունեցած են ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Գէորգ Չիչեան