Սփիւռքի Ներուժի Ներգրաւումը Հայաստանի Պետականաշինութեան Գործին ՄԷջ. Կը Ներկայացնէ Լիբանանահայ Լրագրող Տօնիկ Տօնապետեան

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի թղթակից Տօնիկ Տօնապետեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծիրէն ներս հանդէս եկած է «Սփիւռքի ներուժի ներգրաւումը Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործին մէջ» թեմայով զեկոյցով:
Տօնիկ Տօնապետեան կ’առաջարկէ հայութեան երկու հատուածներուն եւ տարբեր մշակոյթներու մերձեցման աշխատանքներուն համար հետեւեալ անհրաժեշտ քայլերը իրականացնել, որոնք «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ստորեւ.
Պետական համակարգերուն մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւումը: Քիչ են դէպքերը, երբ սփիւռքահայերը ներգրաւած են պետական-քաղաքական կեանքին մէջ: Պետական կամ պետական հովանաւորութիւն վայելող կառոյցներուն մէջ սփիւռքահայ հայրենադարձ անձանց մասնակցութիւնը կարճ ժամանակահատուածի մէջ կրնայ իսկապէս օգտակար ըլլալ պետական կառոյցներու գործելաոճին` անոնց մէջ նոր որակ եւ փորձառութիւն ստեղծելով: Այս հարցը կը վերաբերի նաեւ սփիւռքեան այն հատուածին, որ որոշած է հաստատուիլ Հայաստանի մէջ: Նկատի ունիմ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, որոնց ներուժի օգտագործումը կ’օգնէ անոնց կայացման Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւումը: Պաշտպանութեան ոլորտի կայունութիւնը, ամրութիւնը եւ զարգացումը յատկապէս նորաստեղծ պետութեան համար կարեւոր ազդակ է: Այս հարցով Սփիւռքի երիտասարդներու ներդրումը կրնայ որոշակի զարգացում ապրիլ, եթէ, ի հարկէ, ստեղծուին անհրաժեշտ պայմաններ: Միւս կողմէն գաղտնիք չէ, որ սփիւռքահայ երիտասարդները Հայաստանի քաղաքացիութենէն կը խուսափին զինուորական պարտադիր ծառայութեան մեկնելու պայմանին պատճառով: Արդեօ՞ք հնարաւոր չէ այս հարցով անոնց համար որոշակի մեղմացուցիչ պայմաններ ստեղծել: Օրինակ` Լիբանանի պարագային զինուորական պարտադիր ծառայութիւն գոյութիւն չունի, սակայն կան հայ երիտասարդներ, որոնք, որպէս պայմանգրային զինուորներ, կը ծառայեն, կան նաեւ երիտասարդներ, որոնք ջանք ու ճիգ չեն խնայեր` մուտք գործելու սպայական վարժարաններ:
Սփիւռքեան ներուժի ներգրաւումը տնտեսութեան մէջ: Տնտեսութեան գործօնը կը մնայ պետութեան կայացման հիմնաքարը: Այս հարցով Սփիւռքի ներգրաւումը պէտք չէ միայն դրամական օժանդակութեամբ ըլլայ, այլեւ` Հայաստանի մէջ տնտեսական-արդիւնաբերական, ինչու ոչ, նաեւ` տնտեսական-խորհրդատուական գործին մէջ լուրջ մասնակցութիւն ունենալով:
Մարմնակրթական-մարզական ոլորտին մէջ սփիւռքահայ մարզիկներու ներգրաւումը: Պարզ իրողութիւն է, որ միջազգային մարզախաղերուն արձանագրած յաղթանակները կը բարձրացնեն հայ ժողովուրդի հայրենասիրական ոգին` անկախ այն փաստէն, որ այդ յաղթանակները տուեալ երկրին մէջ քարոզչական առաւելութիւն ունին:
Ազգային դաստիարակութեան, Հայրենիքի հետ կապուածութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ մարզական ասպարէզին մէջ յաջողութիւններ ապահովելու նպատակով` անհրաժեշտ է այս ոլորտին յատուկ ուշադրութիւն դարձնել եւ օգտուիլ Սփիւռքի մէջ գտնուող մարզիկներու կարողութիւններէն, քաջալերել զանոնք` որոշակի առաւելութիւններ տալով:
Խօսելով չորրորդ իշխանութեան` լրատուամիջոցներուն մասին, պէտք է նշեմ, որ, բնական է, տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցները կ’ազդուին իրենց շրջապատէն, երկրի քաղաքական վարչակարգէն` գործելով տրուած ազատութեան սահմաններուն մէջ: Ակնյայտ է նաեւ, որ լրատուամիջոցներու աշխատանքները ազատօրէն գործելու իմաստով համացանցային այսօրուան պայմաններուն մէջ բաւականին դիւրացած է: Ասիկա կը նշանակէ, որ պէտք է ընձեռնուած հնարաւորութիւնները օգտագործել հայկական մամուլը պետականաշինութեան գործին ծառայեցնելու համար: Այս դաշտը խոցելի է յատկապէս վերահսկող մարմնի բացակայութեան պատճառով:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան գործին մէջ սփիւռքի ներգրաւումը կ’իրականայ, երբ հայրենասիրական զբօսաշրջութենէն անցում կատարենք մասնագիտացուած զբօսաշրջութեան: Հայրենասիրական զբօսաշրջութիւնը ժամանակաւոր է, մինչդեռ երբ ստեղծուին մրցունակ, իրական պայամաններ, Հայաստանի մէջ կարելի է զարգացնել զբօսաշրջութիւնը, որ չափազանց կարեւոր է պետութեան կայունացման գործին մէջ:
Վերջապէս, ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ Սփիւռքի ներուժի ներգրաւուածութեան հիմնական արգելքի վերացման հարցով կայ ու կը մնայ նոյն լեզուի ուղղագրութեան մէջ տարբերութեան խնդիրը: Առանց այդ հարցի լուծման` վերոնշեալ բոլոր բնագաւառներուն մէջ իւրաքանչիւր գործընթացք կրնայ խոչընդոտներու հանդիպիլ: Այս հարցը կը լուծուի մասնագէտներու երկուստեք քննարկումներու արդիւնքով:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան