«Լրագրողը Միայն Լուր Գրող Չէ, Լրագրողը Համահաւաք Կերպար Է, «Զինուո՛ր».Կարինէ Աւագեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծիրէն ներս հնչեցին ելոյթներ, ինչպէս նաեւ` եղան քննարկումներ, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի ընթերցողներու ուշադրութեան:
Կարինէ Աւագեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի լրագրող, թեման`«Հայոց լեզուի դրուածքը զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ` հեռուստատեսութիւն, ռատիօ, համացանց»
Այս երկօրեայ նիստերուն ընթացքին լսուեցան հետաքրքիր ելոյթներ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն շատերը հիմնականին մէջ խօսեցան լրատուամիջոցներուն մէջ ներդրուած նորարարական արհեստագիտութիւններուն մասին, ցանցերու հզօրացման, հզօր կամ թոյլ հաղորդակներու մասին:
Անշու՛շտ, կարեւոր է այս ամէնը, սակայն ամէնէն կարեւորը լրագրողներուն լեզուն է, ճիշդ, անսխալ ու գեղեցիկ հայերէնով անոնց գրելու, խօսելու ոճը, բառապաշարը, որուն վրայ պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնել:
Ով պէտք է հրաշալի տիրապետէ գրելու, ստեղծագործելու արուեստին, ըլլայ բազմակողմանի զարգացած, քաղաքականապէս գրագէտ, արհեստավարժ:
Ցաւօք, այսօր լրատուական դաշտին մէջ հայոց լեզուն կ’աղաւաղուի, չկայ այդ դաշտին մէջ վերահսկողութիւն, մամուլի ազատութիւնը դարձած է ամենաթողութիւն:
Իմ սիրտս այնչափ կը ցաւի ոչ ճիշդ հայերէնով, քերականական, ոճային անթիւ, անհամար սխալներով հեղեղուած լրատուութեան համար.խօսքս, ի հարկէ, բոլորին չի վերաբերիր:
Չեմ կրնար գոհունակութեամբ չնշել Հանրային ռատիոյի մաքրամաքուր հայերէնը, որ Հեռուստատեսութեան, ռատիոյի պետական կոմիտէի երջանկայիշատակ նախագահ Ստեփան Պօղոսեանի ղեկավարման օրերուն այդպիսին էր եւ այդպիսին ալ մնաց Արմէն Ամիրեանի ղեկավարման տարիներուն, նաեւ` այսօր: Զարմանալիօրէն շատ աւելի մաքուր է եթերով հնչող մարզական հաղորդումներու լեզուն: Երկար տարիներ աշխատելով Հ1-ի մէջ, խմբագրելով, հեղինակելով եւ վարելով հայրենասիրական շարք մը հաղորդաշարեր, աշխատակցելով հանրապետական մամուլին` այսօրուան պէս կը յիշեմ մեր խստապահանջութիւնը մեր իսկ անձին հանդէպ:
Կը պայքարէինք լեզուական ամենաչնչին սխալին դէմ, իսկ այսօր, տարիներուն հեռուէն, անգամ ծիծաղելի կը թուին այդ մանր սխալները` մեր օրերու սխալներու հեղեղին հանդէպ:
Համոզուած եմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, ըլլալով բազմաթիւ հայապահպան ծրագիրներու հեղինակ, կազմակերպելով արդէն` Լրագրողներու 8-րդ համաժողովը, հրաշալի նախաձեռնութեան հեղինակ է, որ, կը կարծեմ, շարունակական բնոյթ կ’ունենայ:
Հայոց լեզուի թերիմացութեամբ լրագրողը երբեք չի կրնար լիարժէք լրագրող ըլլալ: Մեզի համար Հայրենիքի մէջ դժուար չէ ապահովել այդօրինակ գործելաոճ, այդ հարցով ես պէտք է առանձնացնեմ աւանդական տպագիր մամուլը, որ մինչեւ վերջ մնաց իր բարձրութեան վրայ: