«Փորձենք Հայրենադարձել Նաեւ Սփիւռքահայ Մամուլը». Սեւակ Յակոբեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին ժամանակ հնչեցին բազմաթիւ ելոյթներ, մասնակիցներէն շատերն ալ հանդէս եկան առաջարկութիւններով:
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ համաժողովին ժամանակ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանի հնչեցուցած կարծիքը:
«Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանք» խորագիրին ես կ’աւելցնէի նաեւ` հայրենադարձութեան նպատակակէտը: Եթէ հայրենադարձութիւնը կը կիրառուի սփիւռքահայերու պարագային, ինչու՞ չփորձել կիրառել սփիւռքահայ մամուլի պարագային: Մեր խնդիրը Սփիւռքի մէջ միայն համայնքի ուծացումը չէ, սփիւռքահայ մամուլը եւս ունի իր խնդիրները: Գաղտնիք չէ, որ տպագիր մամուլն այսօր հոգեվարք կ’ապրի, մեծ ծախսեր կը պահանջէ, ունի մարդուժի պակաս եւ այլն: Ինչու՞ մեր մամուլի գործերը կամ շարք մը աշխատանքներ «չհայրենադարձենք» կամ չփոխադրենք հայրենիք: Եկէք այն աշխատանքները, որոնք կրնանք հայրենիքի մէջ իրականացնել, փոխադրենք հայրենիք: Միաժամանակ ունենանք Սփիւռքի մամուլի միասնական գրասենեակ հայրենիքի մէջ: Եթէ մենք երկու տարին անգամ մը կը հաւաքուինք մասնակցելու նմանօրինակ համաժողովներու, ինչու հայրենիքի մէջ ամէն օր չհաւաքուինք մեր ամէնօրեայ աշխատանքներով:
Այս հարցը շատ կարեւոր է: Նախ` հայրենիքի մէջ աշխատիլը տարբեր իրավիճակ կը ներկայացնէ, եւ երկրորդ` հայրենիքի մէջ մամուլին հետ կապուած աշխատանքներ իրականացնելը աւելի նուազ ներդրում կը պահանջէ մեզմէ, քան Սփիւռքի մէջ:
Ինչպէ՞ս իրականացնենք Սփիւռքի մամուլի «հայրենադարձումը»` միացեալ գրասենեակ ստեղծելով: Սփիւռքի լրատուամիջոցները կրնան իրենց գրասենեակները բանալ հայրենիքի մէջ: «Զարթօնք»-ի պարագային ես հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ արդէն պարբերականի շարք մը աշխատաքներ` մեքենագրութիւն, տպագրութիւն, ձեւաւորում, խմբագրական որոշ աշխատանքներ եւ այլն, այստեղ կ’իրականացնենք:
Եթէ առանձին լրատուամիջոցներ իրենց գրասենեակները Հայաստանի մէջ բանալու դժուարութիւններ ունին, ապա միացեալ գրասենեակը կ’օգնէ աշխատանքները միասին կատարելու: Այլեւս չկան անցեալի բարդոյթները եւ կարելի է միասին գործակցիլ: Միասին հայրենիքի մէջ շատ բաներ կրնանք ընել»: