Մերձ.Արեւելքի Եւ ԱՀ-ի Մէջ Ապրող Հայութեան Պէտք Է Դիտել Որպէս Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Եռամիասնութեան Չորրորդ Բաղադրիչ. Տիգրան Փաշապեզեան

Մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին մէջ առկայ ժամանակակից մարտահրաւէրներու արդիւնքով կը շարունակուի կրճատուիլ Լիբանանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ հայկական բազմահազարանոց համայնքներու անդամներու թիւը, հետեւաբար Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան պէտք է գումարել Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան կենսագործունէութեան նոր իրականութիւնը եւ Արեւմտեան Հայաստան ապրող հայերու գործօնը: Նման առաջարկով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ընթացքին հանդէս եկաւ Ֆրանսայի մէջ գործող «Լուսաւոր Աւետիս» ելեկտրոնային կայքի Հիմնադիրներու խորհուրդի անդամ Տիգրան Փաշապեզեան:

Ըստ անոր` Մերձաւոր Արեւելքի եւ յարակից տարածքներուն մէջ առկայ ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ տեղի հայ համայնքներու կենսագործունէութիւնը այժմ էապէս կը տարբերի աւանդական սփիւռք հասկացութեան կեանքի գործունէութեան բնականոն ընթացքէն` ստանալով բոլորովին նոր սպառնալից իրողութիւն եւ հնչեղութիւն:

«Մեզի` հայերուս համար իրավիճակը նոր չէ այն իմաստով, որ մերձաւորարեւելեան մարտահրաւէրները մեզի համար սկսած են դեռեւս 1975 թուականին լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի սզբնաւորումէն ի վեր, որուն արդիւնքով Լիբանանի երբեմնի բարգաւաճ 300 հազարանոց հայ համայնքը այսօր նուազած է մինչեւ 60 հազարի, ատոր բացասական բոլոր հետեւանքներով»,- ըսաւ ան` աւելցնելով, որ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին կրճատուած է նաեւ Իրաքի 20 հազարանոց եւ Սուրիոյ 300 հազարանոց համայնքները մինչեւ  քանի մը հազարի:

Իրադարձութիւններու նման զարգացման պայմաններուն Տ. Փաշապեզեանի կարծիքով` յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ճակատագիրի պիտի արժանանան ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի միւս հայ համայնքները, այնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստան ապրող հայերը:

Հետեւաբար բանախօսը կը գտնէ, որ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան պէտք է դիտել որպէս Հայաստան-Սրցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան չորրորդ բաղադրիչ:

Տ. Փաշապեզեան նաեւ ուրախութեամբ արձանագրեց, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք 25-ամեայ համագործակցութիւնը լուրջ յաջողութիւններ  արձանագրած է ՀՀ պետականութեան ամրապնդման, Արցախի հայութեան ազատ ապրելու եւ ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան, Արցախի ու ՀՀ անվտանգութեան պաշտպանութեան բաղադրիչի բարձրացման, տնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ կատարուած կարեւոր ներդրումներու եւ աջակցութեան, երկու հայկական պետութիւններու ենթակառուցուածքներու վերականգնման ու զարգացման, ներքին սոցիալական ճնշման թուլացման եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Scroll Up