Թորոնթոյի «Հայաստան» Հիմնադրամի Ամէնամեայ Դրամահաւաք-Ճաշկերոյթը Աննախադէպ Արդիւնք Արձանագրած Է` 1 Միլիոն ԱՄՆ Տոլար

Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամը Հոկտեմբեր 23-ին իր ամէնամեայ դրամահաւաք-ճաշկերոյթը  կազմակերպած է ՀԲԸՄ Մանուկեան կեդրոնին մէջ` արձանագրելով աննախադէպ արդիւնք` 1.300.000 գանատական տոլարի /1 միլիոն ԱՄՆ տոլար/ նուիրատուութիւն: Ձեռնարկը, որ կ’իրականացուէր Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեանի հովանիի ներքոյ, նուիրուած էր հայկական երկու հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Հիմնադրամի աւելի քան 300 աջակիցներ, ներառեալ` ուսանողներ:

Գանատահայ երգչուհի Արմինէ Սարգիսեանի կատարմամբ հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի օրհներգները, որմէ ետք ձեռնարկի խօսնակ Թենի Նիկողոսեան եւ դեսպան Արմէն Եգանեան հանդէս եկան բացման խօսքով: Դեսպանը, բարձր գնահատելով Հիմնադրամի դերը անկախ Հայաստանի եւ Արցախի 25-ամեայ պատմութեան կերտման գործին մէջ, կոչ ըրաւ ներկաներուն աշխուժօրէն մասնակցելու Հիմնադրամի հայանպաստ ծրագիրներուն եւ գերազանցել նախորդ դրամահաւաքի արդիւնքը:

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գանատայի թեմի առաջնորդ Տէր Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանի օրհնութենէն ետք Հիմնադրամի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան ներկայացուց թորոնթոհայերու ջանքերով կեանքի կոչուած 54 ձեռնարկներէն վերջին ութը` Արցախի Իւանեան գիւղին մէջ մանկապարտէզի կառուցումը, Մատաղիս գիւղի դպրոցի վերանորոգումը, նոյն համայնքին շտապօգնութեան մեքենայի նուիրաբերումը, Ճարտար, Քրասնի եւ Վանք գիւղերուն մէջ չորս ընտանիքի համար առանձնատուներու կառուցումն ու կահաւորումը եւ Հայաստանի Նալբանդեան գիւղի դպրոցի վերակառուցումը, որն անուանակոչուած է` ի պատիւ բարերարներ Պերճուհի եւ Արմէն Նալպանտեաններու:

Երեկոյին ընթացքին «Բարերար» մետալով պարգեւատրուեցան Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի նուիրատուներ Նորա Նալպանտեան-Կիւլեսերեան եւ Րաֆֆի Նալպանտեան Արցախի երկու բազմազաւակ անապահով ընտանքիներուն տուներով ապահովելու համար:
Ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, որ յատուկ այդ առիթով  եկած էր Թորոնթօ: Ան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հիմնադրամի դերը հայրենիքի զարգացման գործին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ազգաշէն առաքելութեան առատաձեռնօրէն մասնակցելու համար:

Շնորհիւ Հիմնադրամի վաղեմի բարեկամ ու աջակից Սարգիս Եակուբեանի նուիրատուութեան` երկոյթին հրաւիրուած ուսանողները մասնակցեցան վիճակահանութեան, որուն երկու յաղթողներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ այցելելու Հայաստան: Նախաձեռնութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին ներկաները:

Երեկոյի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդոյթ դարձած աճուրդը: Այս անգամ աճուրդի հանուեցաւ Էւերեստի բարձունքը յաղթահարած առաջին հայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանի մարզաշապիկը իր ստորագրութեամբ:

Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան յայտարարեց, որ դրամահաւաք-ճաշկերոյթի արձանագրած նուիրատուութիւնները կը ներառեն նաեւ տարուան ընթացքին ստացուած հանգանակութիւնները: Ան նշեց, որ նուիրաբերուած գումարներով Հիմնադրամը կը ստանձնէ առնուազն ինը ծրագիր` Խնձորիստան գիւղին մէջ կը կառուցէ համայնքային կեդրոն եւ բուժկէտ, աւարտին կը հասցնէ Իւանեան գիւղի համայնքային կեդրոնի կառուցումը, Շուշիի, Ամարասի եւ Դադիվանքի վանական համալիրներուն կից կը կառուցէ սանհանգոյցներ, երեք բազմազաւակ ընտանիքներու համար կը կառուցէ առանձնատուներ եւ Ուխտաձոր գիւղին մէջ կը կառուցէ դպրոց, այդպիսով` Թորոնթոյի «Հայաստան» հիմնադրամի ծրագիրները հասցնելով 63-ի:
Դրամահաւաքը կը շարունակուի: Ատենապետը յոյս կը յայտնէ, որ հանգանակութիւններուն թիւը կ’աւելնայ:

Հեռուստամարաթոն 2016-ի գլխաւոր հովանաւոր – հայբիզնեսբանկ
գործընկեր – հայփոստ

 23 4 5

Scroll Up