Սփիւռքը Կը Շնորհաւորէ Արցախը. Շահան Գանտահարեան
Շուշիի ազատագրութեան նշումը այս տարի ժամանակակից հնչեղութիւն ունի այն առումով, որ մենք չենք կրնար Շուշիի մեծ խորհուրդի մեկնաբանութեան փորձ կատարել` կայծակնային պատերազմի փոխանցած ուղերձներու ծիրէն դուրս:
Շուշին հայ ժողովուրդի լինելութեան ճակատագրորոշ գոյամարտն էր, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն ռազմաճակատ մեկնած, կողք-կողքի, նոյն խրամատին մէջ համահայկական անվտանգութեան երաշխիքներ ապահովելու համար նահատակուած, բայց նաեւ յաղթած հայ ժողովուրդի ազնուագոյն երիտասարդները:
Շուշին հայութեան զարթօնքի խորհրդանիշն է: Շուշին նաեւ հայ մշակոյթի կեդրոն ըլլալու պատմական բոլոր նախադրեալները ունեցած է եւ այսօր ալ ունի: Շուշիի մէջ համազգային մշակութային փառատօներ, համահայկական համաժողովներ եւ տարբեր ոլորտի ձեռնարկներ իրականացնելը, կը կարծեմ, մեծ նշանակութիւն կ’ունենայ քաղաքի զարգացման եւ համահայկական ուշադրութեան կեդրոնի վերածման համար:
Սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւնները իրենց առանջային եւ մեծ ձեռնարկներու կազմակերպման համար նպատակայարմար կ’ըլլայ, իբրեւ միջավայր, նկատի ունենալ Շուշին:
Կը շնորհաւորեմ բոլորս` Շուշիի ազատագրութեան 24-ամեակին առիթով: Համոզուած եմ, որ համահայկական ներուժի նպատակային օգտագործումով կը յաջողինք Շուշին վերածել շնչող, ստեղծագործող եւ փառատօներ հիւրընկալող կարեւոր քաղաքի: