ԵՌԱԿ-ի Նպատակը Երիտասարդները Միաւորելն Է. Յակոբ Անդրէասեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/06/52.jpg)
«Ռամկավար ազատական կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին ըլլալն է, քանի որ մեր Հայրենիքը իբրեւ սրբութիւն կ’ընդունինք: Պէտք է բոլորս մեր ուժերը կեդրոնացնելով` Հայաստանի զարգացման մէջ մեր ներդրումը ունենանք: Վստահ եմ, որ վարչութեան նորընտիր անդամներով` ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորութեամբ, կը շարունակենք նոյն ոգով առաջ ընթանալ»,-«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ Յակոբ Անդրէասեան եւ աւելցուց, որ Երուսաղէմի մէջ ծրագիրները «Հայ երիտասարդաց միութեան» հետ կ’իրականացնեն, որուն նպատակն է Սփիւռքի երիտասարդ սերունդին դեռեւս փոքր տարիքէն հայեցի դաստիարականութիւն փոխանցել եւ անոնց գիտակցութեան մէջ վառ պահել ազգային արժէքները:
Միութեան եւ կուսակցութեան կազմին մէջ ընդհանուր հաշուով 250 անդամ ներգրաւուած է: Ակումբէն ներս կը գործեն թատերական խմբակներ, պարախումբեր, կ’իրականացուին նաեւ հայապահպանութեան ուղղուած տարբեր ձեռնարկներ: Երիտասարդներուն քաջալերելու, անոնց հայրենասիրական ոգի տալու համար պարբերաբար կ’ուղարկեն Հայաստան` մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին: Մէկ այլ ծրագիրով եւս Հայաստան կու գան եւ կամաւորական աշխատանքներ կը կատարեն:
Երուսաղէմի հայ համայնքը նոյնպէս քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած դժուարին իրավիճակէն դուրս գալու համար զօրակցած է Արցախին, որուն աշխատանքները համակարգած են միացեալ յանձնախումբին հետ: Դրամահաւաքներ կազմակերպած են, հանդիպում-քննարկումներ ծաւալած, իսկ երիտասարդներուն ընդգծուած ուշադրութեամբ իրազեկած են ատրպէյճանական սանձարձակ գործողութիւններուն մասին:
Յակոբ Անդրէասեան, կարեւոր համարելով ԵՌԱԿ-ի(Երիտասարդ ռամկավար ազատական կուսակցութիւն) գործունէութիւնը, հետեւեալը ըսաւ. «ԵՌԱԿ-ը ստեղծուեցաւ բոլոր երիտասարդները միաւորելու համար, պէտք է բոլորս ջանքերը կեդրոնացնենք ու ԵՌԱԿ-ին հետ բուռն աշխատանքներ իրականացնենք: Այժմ քայլեր կը ձեռնարկենք համակարգելու «Հայ երիտասարդաց միութեան» եւ ԵՌԱԿ-ի համատեղ աշխատանքները: Մեծ յոյսեր ունինք, որ ԵՌԱԿ-ը շատ երիտասարդներ պիտի բերէ Հայաստան»:
Գէորգ Չիչեան