Մեր Ռեսուրսը Հայ Մարդն Է, Անկախ Նրանից, Նա Ապրում Է Հայաստանում, Թէ Դրսում.Կարէն Կարապետեան

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի մասնակիցները:

Ողջունելով տարբեր երկիրներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայազգի լրագրողներուն`  կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր համարած  է նման համաժողովներու իրականացումը, որոնք կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, առկայ խնդիրներու քննարկման, լրատուական ներուժի համախմբման:

Ինչպէս տեղեկացուցին ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, վարչապետն անդրադարձած է կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին եւ նշած, որ այնտեղ մեծ տեղ  յատկացուած է նաեւ Սփիւռքին եւ անոր ներուժի իրացման: Մասնաւորապէս, խօսելով Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին, Կարէն Կարապետեան նշած է. «Ընդհանրապէս, կարծում եմ, որ այդ տարանջատումը շատ արհեստական է, որովհետեւ մէկս առանց միւսի չենք կարող ապրել: Մեր ներուժը, մեր կապիտալը, մեր ռեսուրսը հայ մարդն է, անկախ նրանից, նա ապրում է Հայաստանում, թէ դրսում: Ես աւելի քան վստահ եմ, որ Սփիւռքն իրեն միշտ ապահով եւ դիրքաւորուած կը զգայ, եթէ ունենանք ուժեղ Հայաստան, եւ վստահ եմ, որ Հայաստանն առանց Սփիւռքի ներուժի շատ աւելի դժուար կը հասնի այն երազներին, որոնք ունի: Այդ առումով, ուրախ եմ հանդիպել ձեզ, որովհետեւ պայմանականօրէն կարող ենք ասել` դուք այն խողովակն էք, կամուրջը, որը միաւորում է հայկական աշխարհը»,- նշած է վարչապետը: Կարէն Կարապետեան կարեւոր համարած է Սփիւռքի մէջ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը, որոնք պատշաճ եւ ժամանակին հայութեան կը ներկայացնեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, փոխանցելով այն ազդակները, որոնք կը ցանկան իրարու հաղորդել Հայրենիքն ու Սփիւռքը:

Հանդիպման ընթացքին վարչապետը պատասխանած է սփիւռքահայ լրագրողներուն հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերուն, որոնք վերաբերած են ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն, մեր երկրին մէջ տարբեր ոլորտներու մէջ նախատեսուող բարեփոխումներուն, հայապահպանութեան եւ հիմնախնդիրներուն:

«Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին այս տարի կը մասնակցի 65 խմբագրութեան ղեկավար: Համաժողովին նպատակն է համահայկական տեղեկատուական դաշտի ընդլայնումն ու կատարելագործումը, լրատուական ներուժի արդիւնաւէտ կիրառումը Հայաստանի զարգացման, ՀՀ միջազգային վարկանիշի բարձրացման, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, համահայկական խնդիրներու լուծման գործընթացքին մէջ:

 

Scroll Up