«Լրագրողները Կ’օգնեն Պետութիւն Ու Հերոսներ Կերտելու». Արմէն Հարէյեան

ԼՂՀ մայրաքաղաք Արցախի մէջ կայացած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին ժամանակ ամերիկահայ լրագրող, հրապարակախօս Արմէն Հարէյեան անդրադարձած է խօսքի ազատութեան ու պետականակերտման, մարդակերտման գործին մէջ լրագրողական պատասխանատուութեան խնդիրներուն:

«Լրագրողները քարոզիչներ են ու կը շարժեն մարդկային միտքը: Այն ամէնը, ինչ որ մենք կը խօսինք մարդոց հետ, գաղափարներ են, որոնք քարոզի ձեւով կը հասնին մեր մերձաւորին ու կը ձեւաւորեն անոր  մտածելակերպը: Մենք` լրագրողներս, կը շարժենք մարդկային միտքը, որ եւ մարդուն կը դրդէ գործողութեան:

Հայ մամուլը մեծ լսարան ունի եւ կ’օգնէ հայ մարդուն կողմնորոշուելու այս բարդ աշխարհին մէջ: Հետեւաբար, այնչափ կարեւոր է, որ այն լրատուութիւնը, որ մենք կը մատուցենք մարդոց ոչ միայն ըլլայ ճշմարիտ ու հիմնուած փաստերու վրայ, այլ նաեւ միտուած ըլլայ այդ մարդու բարոյական կերտման: Մեր պատասխանատուութիւնն է օգնել բարոյական մարդ ձեւաւորելու»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ նշած է Արմէն Հարէյեան` աւելցնելով, որ մտահոգուած է, թէ ինչ կը մատուցէ հայ մամուլն իր ընթերցողներուն եւ երբեմն  քանի մը դիտում կամ ընթերցող աւելի ունենալու շահէն դրդուած` որոշ ԶԼՄ-ներ որքան աղբ կը թափեն մարդոց մտքերուն վրայ, իսկ բազմատեսակ դրուագաշարերն ու հեռուստատեսային ծրագիրները եսասիրութիւն ու կատաղութիւն կը քարոզեն:

«Միթէ՞ սա է այն կտակն ու ժառանգութիւնը, որ մենք ժառանգած ենք մեր պապերէն ու հայրերէն: Ոչ, սա չեն կտակած մեր պապերը: Անոնք մեզի փոխանցած են հաւատք ու արժէքներ, որոնք յաւիտենական են, բարի, լուսաւոր: Այս մասին  պէտք է գրել, այս մասին  պէտք է խօսիլ, որպէսզի մեր զաւակները մեր պապերու կտակը ժառանգեն մեզմէ, այլ ոչ թէ այլասերում:

Մամուլը ահռելի ազդցութիւն ունի մարդոց կրթելու գործին մէջ: Հետեւաբար, լրագրողներս եւ խմբագիրներս երբեք պէտք  չէ մոռնանք այս պատասխանատուութեան մասին, այլ պէտք է  խօսինք ու իրար սիրով յիշեցնենք այս մասին:

Լրագրողները կ’օգնեն մարդ կերտելու, պետութիւն ու հերոսներ կերտելու: Մեր միտքը մարդկային միտք կը շարժէ ու անոր գործողութիւններու կը մղէ: Մենք պէտք է ճիշդ օգտագործենք մեզ տրուած ժամանակն ու պատմութիւններ պատմենք հերոսական գործերու, նուիրումի, հաւատարմութեան ու ազնուութեան մասին, որոնք կ’օգնեն անոր իրական առաջնորդներն ու ազնիւ մարդիկ մեծնալու»,- իր խօսքը եզրափակած է Արմէն Հարէյեան:

Scroll Up