Ստեփանակերտի Մէջ Կայանալիք Լրագրողներու 8-րդ Համահայկական Համաժողովին Կ’աջակցի «Ղարաբաղ Թելեքոմ»-ը

Հոկտեմբեր 20-ին Երեւանի մէջ մեկնարկած լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը Հոկտեմբեր 23-24-ին իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Ստեփանակերտի մէջ:

 Ինչպէս «Արցախփրէս»-ին յայտնեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն, «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին կը մասնակցին Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ու լրագրողներ, օտարալեզու հայկական եւ ոչ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ աշխատող հայ լրագրողներ:

Համաժողովի թեմատիկ ուղղութիւններն են` «Սփիւռքի ներգրաւման միջոցները ՀՀ պետականաշինութեան աշխատանքներուն մէջ», «ՀՀ դիւանագիտական – Սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւներու համագործակցութեան ուղիները», «Տեղեկատուական միացեալ համակարգի նախադրեալները եւ համապատասխան մեքենականութիւնները», «Համահայկական ներուժի հաւաքագրում եւ ուղղորդում դէպի Հայոց պետականութեան ամրապնդում», «Սփիւռքեան կառոյցները` կամուրջ ՀՀ եւ տարբեր պետութիւններու յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ, «Սփիւռքը ՀՀ-ին զօրակից` Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն մէջ» եւ «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք` 25-ամեայ համագործակցութեան հանրագումարները եւ յետագայ ընելիքները»:

Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը կը կազմակերպուի Հայաստանի լրագրողներու միութեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Ի դէպ, Արցախի մէջ համաժողովի աշխատանքներուն իր աջակցութիւնը  յայտնած է «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութիւնը:

Ինչպէս «Արցախփրէս»-ին տեղեկացուցին ընկերութեան մամլոյ գրասենեակէն, համաժողովի իրականացման դահլիճը (Ստեփանակերտի մշակոյթի պալատ) կ’ապահովուի անվճար համացանցով, ռէալ IP հասցէով, իսկ համաժողովին ընթացքին սփիւռքի լրատուամիջոցներու ղեկավարներուն ու լրագրողներուն կը տրամադրուին կանխավճարային հեռախօսահամարներ` Արցախի տարածքին մէջ շփումը իրար հետ ապահովելու համար:

Scroll Up