Ռումանահայ Նկարիչ Հրանդ Աւագեանի Կտաւը Ի Պահ Տրուեցաւ Մայր Աթոռի Թանգարանին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/IMG_4633.jpg)
Հոկտեմբեր 20-ին մեկնարկած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի բացման արարողութեան ժամանակ ռումանահայ գրող եւ թարգմանիչ, Հայաստանի եւ Ռումանիոյ գրողներու միութեան անդամ Մատլէն Քարաքաշեան ռումանահայ ճանչցուած նկարիչ Հրանդ Աւագեանի «Ծաղիկներ» (1966թ.) կտաւը յանձնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանին: Ռումանահայ նկարիչ Հրանդ Աւագեանի կտաւն իր արժանի տեղը կը գտնէ Մայր աթոռի թանգարանին մէջ:
«Տարիներ առաջ այս նկարը ինծի նուիրած է Հրանդ Աւագեանը: Ես անոր գործունէութեան մասին բազմաթիւ նիւթեր հրապարակած եմ ինչպէս հայկական մամուլին, այնպէս ալ` ռումանական: Ես ժառանգորդ չունիմ, իսկ քոյրս 6 ամիս առաջ մահացաւ եւ որոշեցի իմ տան մէջ պահուող հայկական իրերը ի պահ տալ հայրենիքին»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց Մատլէն Քարաքաշեան:
Ռումանահայ ինքնուս նկարիչ Հրանդ Աւագեան ծնած է 1900 թուականին` Հալէպ: 1920-ական թուականներուն երիտասարդ տարիքին գաղթած է Ռումանիա: Ցուցահանդէսներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Երկու անգամ` 1960 եւ 1962 թուականներուն ցուցադրուած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Հրանդ Աւագեան քրոջ` Պիաթրիսի հետ նաեւ տարիներ շարունակ արուեստի գործեր հաւաքած է, որոնք այսօր կը պահուին Ռումանիոյ արուեստի հաւաքածուներու թանգարանին մէջ: Ռումանահայ նկարիչը մահացած է 1990 թուականին:
Մատլէն Քարաքաշեան ռումանահայ մէկ այլ նկարիչի` Երուանդ Նիկողոսեանի abstract գործերէն մէկը կը նուիրէ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին:
Աւելցնենք, որ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը կազմակերպած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան հետ համատեղ: Համաժողովը Հոկտեմբեր 20-22 կ’իրականացուի Երեւանի մէջ, իսկ 23-24` Ստեփանակերտի մէջ: