Սուրիական Պատերազմի Ծանր Առօրեայէն Յուսադրող Էջ Մը
«Հայերն այսօրին» Հալէպէն Յովիկ Շէհիրեան կը գրէ.
2012 –ի Սեպտեմբերին արդէն պատերազմը մուտք կը գործէր Հալէպ: Հալէպահայերը միւս քաղաքացիներուն նման կը փորձէին ճառ գտնել ընտելանալու ծանր իրավիճակին հետ: Պատերազմը հետզհետէ կը սաստկանար:
2013 թուականը ամենադաժան ժամանակաշրջանն էր, ուստի քաղաքը ենթարկուած էր պաշարման օտարազգի ահաբեկիչներուն կողմէ, որուն պատճառաւ դասուեցաւ աշխարհի ամենավտանքաւոր քաղաքը:
Սակայն կարելի չէր արուեստի կեանքը տարածութեամբ սահմանել, այս նշանաբանով 2013-ի վերջաւորութեան երկու մաքառող ուժեր՝ Վրէժ եւ Նանոր Թերզեաններ միտք մը յղացան պարախումբ մը կազմելու եւ այս ձեւով վերջ տալ քաղաքի հայ երիտասարդներու յուսահատութեան եւ հոգեպէս փլուզման:
Նանորի եւ Վրէժի յուսադրիչ միտքը պատերազմական քաղաքի մը մէջ իրագործելը, որոշ չափով անկարելի էր: Պարախումբ կազմելու գաղաբարը մեծ ընդունելութիւն գտաւ եւ որպէս սկիզբ խումբը կազմուեցաւ հարիւր անդամներով, սակայն խումբը կազմուելու գաղաբարին թիկունք կանգնած էր հայ կաթոողիկէ համայնքի հովիւներէն՝ Յովսէփ Վրդ. Պեզէզեան իր հայրական եւ նիւթական քաջալերանքով:
«Որպէս սկիզբ Գառնի պարախումբը սկսաւ հարիւր անդամներով, սակայն հետզհետէ թիւը նուազեցաւ արտագաղթի պատճառաւ» կ’ըսէ Նանոր: « Խումբը առաջին անգամ հանդէս եկաւ «Մեծն Տիգրան» խորագիրը կրող չորս ելոյթներով՝ վայելելով հովանաւորութիւնը Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի:
Հակառակ անոր, որ պարողներու թիւը կը նուազէր եւ անապահովութիւնը կը տիրէր փորձի պահուն, «Գառնի» պարախումբը շարունակեց իր մշակութային առաքելութիւնը այս անգամ ուրիշ ներկայացումներով արաբական շրջանակներու մէջ:
2015-ի Մարտին «Գառնի» պարախումբը դարձեալ հանդէս եկաւ «Ուրախ Պարերու Փունջ» խորագիրով, որ իր մէջ ընդգրկեց չորս ելոյթներ, սակայն մեծ ընդունելութիւն գտնելուն պատճառաւ տրուեցան հինգ ելոյթներ:
Վրէժ ու Նանոր կը շեշտեն թէ մինչեւ այն ատեն, որ հալէպահայութիւնը կը գոյատեւէ Հալէպի հողին վրայ անոնք պիտի շարունակեն տարածել խաղաղութեան նամակը սփռել պարարուեստի միջոցաւ: