«Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Պիտի Շարունակէ Տարբեր Ծրագիրներով Աջակցիլ Սուրիահայերուն». Յարութ Ներսէսեան

«Սուրիահայերը թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են. անոնց ցաւը մեր բոլորին ցաւն է»,-ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Նոյեմբեր 25-ին տեղի ունեցած Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի հերթական նիստի ժամանակ ըսաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան` խօսելով ընկերակցութեան կողմէ սուրիահայերու աջակցութեան ուղղուած իրականացուած ծրագիրներու  ու յետագայ ընելիքներուն մասին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Յարութ Ներսէսեան ներկայացուցած է  սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն օժանդակելու ուղղութեամբ ընկերակցութեան հետեւեալ մօտեցումները` աջակցիլ անոնց, որոնք կը ցանկան մնալ Սուրիոյ  մէջ եւ պահպանել հայկական համայնքը, Հայաստան տեղափոխուիլ ցանկացողներուն, առաջին օգնութիւն ցուցաբերել Հայաստան նոր եկածներուն, օգնել սուրիահայերուն բնակութիւն հաստատելու Հայաստանի մէջ:

Յարութ Ներսէսեանի խօսքէն պարզ դարձաւ, որ սուրիական պատերազմը սկսելու պահէն ընկերակցութիւնը մօտ 2.000.000 տոլարի օժանդակութիւն  ցուցաբերած է հայ համայնքին, որպէսզի կարենայ դժուարութեան մէջ գտնուող հայերուն օգնել սնունդի, ջեռուցման եւ այլ անհրաժեշտութիւնները հոգալու համար: Բժշկական եւ կրթական աջակցութեան ուղղուած ծրագիրները նոյնպէս իւրաքանչիւր ամիս  կ’իրականացնեն:

Սուրիոյ մէջ բոլոր ծրագիրները կեանքի կը կոչուին Սուրիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ, վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը նեցուկ կ’ըլլայ  նաեւ Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուող սուրիահայերուն: Առ այսօր ընկերակցութիւնը Հայրենիք տեղափոխուելու համար օգնած է շուրջ 100 մարդու: Ընկերակցութիւնը կը հոգայ Հայաստան տեղափոխման ճանապարհածախսերը, կը դիմաւորէ օդակայանին մէջ, կ’ուղեկցի հարազատներու տուն, իսկ եթէ հարազատներ կամ բնակարաններ չեն ունենար, մինչեւ հարցի կարգաւորումը անոնց կը պահեն ընկերակցութեան ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: Ընտանիքներուն համար բնակարան վարձակալելու եւ բնակարանի վարձը տրամադրելու հարցը նոյնպէս կը ստանձնէ ընկերակցութիւնը:

Ի դէպ, կը դիմաւորեն յատուկ ստեղծուած աշխատանքային խումբով, որուն կազմին մէջ են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող» ՀԿ-ի աշխատակից Նորա Փիլիպոսեան, հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան Երեւանի գրասենեակի հասարակայնութեան հետ կապերու պատասխանատու Լուսինէ Օհանեան:

«Աջակցութեան ծրագիրներու ծիրէն ներս կը համագործակցինք «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող» ՀԿ-ի հետ: 86.000 տոլար գումարի ֆինանսական օժանդակութիւն կը տրամադրենք 288 ընտանիքի` բժշկական միջամտութիւններու, ուսման եւ  բնակարաններու վարձավճարի համար: Իսկ ընկերակցութեան  բժշկական եւ ատամնաբուժական կեդրոններէն, որուն բժիշկները Հալէպէն են,  օգտուած են շուրջ 2500 սուրիահայ ընտանիք»,- նշեց Յարութ  Ներսէսեան` մէջբերելով, որ Հայաստանի մէջ իրականացուող աջակցութեան ծրագիրներէն են խորհրդատուութիւններու կազմակերպումը, նոր հաստատուած սուրիահայերու համար ձեռներէցութեան դասընթացներու իրականացումը` ձեռներէցներու հետ հանդիպումներ կազմակերպելով, ինչպէս նաեւ` հագուստի եւ մանկական սնունդի տրամադրումը:

Աւարտին Յարութ Ներսէսեան վստահեցուց, որ պիտի շարունակեն ներկայ ընթացքը` տարբեր ծրագիրներով աջակցիլ սուրիահայերուն, ներկայիս կ’ուսումնասիրեն նաեւ սուրիահայերու հիմնախնդիրներու երկարատեւ լուծման նպատակով սոցիալական բնակարաններու ծրագիրներու իրականացման հարցը:

Աւելցնենք նաեւ, որ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը համագործակցի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի թաղապետարաններու, «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող» ՀԿ-ի, «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական ՀԿ-ի հետ:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up