«Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովներուն Շնորհիւ Կ’ամրապնդուի Աշխարհի Հայկական ԶԼՄ-ներուն Միջեւ Կապը». Տիգրան Յարութիւնեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Տիգրան-Հարությունյան.jpg)
Հոկտեմբեր 20-24 կայանալիք «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին ընդառաջ` «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ, «Նոյեան Տապան» լրատուական-վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Տիգրան Յարութիւնեանի հետ:
– Պարո՛ն Յարութիւնեան, Լրագրողներու համահայկական համաժողովի կազմակերպումը, առհասարակ, ի՞նչ նպատակ ունի:
– Հայ լրագրողներու եւ հայկական լրատուամիջոցներու ղեկավարներու համախմբումը մեր կազմակերպութեան` Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան հիմնական նպատակներէն մէկն է: Այդ նպատակին իրագործման ուղղուած է, մասնաւորապէս, լրագրողներու համահայկական համաժողովներու կազմակերպումը` սկսած 2002 թուականէն: Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ իրականացուող այդ համաժողովներն ի թիւս այլ հարցերու, նպատակ ունին նպաստելու աշխարհի հայկական լրատուամիջոցներու միջեւ լրատուական համերաշխութեան եւ համատեղ աշխատանքի մթնոլորտի ձեւաւորման, եւ իբրեւ արդիւնք` հայկական մամուլի ուժերու համակարգման, փոխհամաձայնեցուած աշխատանքի միջոցով հասնելու համահայկական, ազգային նշանակութեան խնդիրներու լուծման: Իսկ այդ խնդիրները բոլորիս համար ակնյայտ են. Աշխարհի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացքը, Ղարաբաղեան հարցի արդարացի լուծումը եւ աշխարհի մէջ խնդրի ճշգրիտ ներկայացումը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք, Սփիւռք-Սփիւռք տնտեսական, մշակութային եւ այլ կապերու ստեղծումն ու ամրապնդումը, Հայաստանի տնտեսական հզօրացումը եւ միջազգային ներգրաւուածութեան մեծացումը, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կայացումը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդումը:
Վստահ եմ, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու միասնական աշխատանքը միայն կրնայ նպաստել ազատ, ժողովրդավարական Հայաստանի` համայն հայութեան գաղափարախօսական եւ մշակութային կեդրոն դառնալուն, հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման եւ տարածման, ընդհանուր համահայկական տեղեկատուական դաշտի ստեղծման, լրատուութեան փոխանակման հնարաւորութեան:
– Լրագրողներու համահայկական համաժողովները մինչ այժմ շօշափելի ի՞նչ արդիւնքներու հասած են, որո՞նք են ձեռքբերումները:
– Լրատուամիջոցներու առաջին համահայկական համաժողովը տեղի ունեցած է 2002 թուականին` Եւրոպայի մէջ, եւ կը կրէր «Եւրոպահայ մամուլի առաջին ֆորում» անուանումը:
Ատոր յաջորդած են 2003 եւ 2006 թուականներուն «Լրատուամիջոցներու համահայկական համաժողովները» Հայաստանի մէջ: Հէնց երկրորդ համաժողովին ընթացքին (2003 թ., Ծաղկաձոր) յառաջացաւ գաղափար, իսկ երրորդ համաժողովին ընթացքին (2006 թ., Ծաղկաձոր) իրականացուեցաւ մեր կազմակերպութեան` «Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան» ստեղծումը: Ստեղծուեցաւ նաեւ «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային տեղեկագիրը, որ յետագային, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծուելէն ետք, դարձաւ նախարարութեան պաշտօնական պարբերականը: Յետագայ 10 տարիներուն ընթացքին ընկերակցութեան եւ յաջորդ համաժողովներուն ընթացքին ա՛լ աւելի ամրապնդուեցան կապերը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող լրատուամիջոցներու միջեւ, եւ որպէս հետեւանք` ընդլայնուեցաւ համագործակցութիւնը, լրատուութեան փոխանակումը եւ այլն:
Եթէ առաջին համաժողովները իրականացած էին կազմակերպիչներու (հիմնականին մէջ «Նոյեան տապան» լրատուական կեդրոնի) խանդավառութեամբ, տարբեր հովանաւորներու ֆինանսական աջակցութեան շնորհիւ, ապա չորրորդ համաժողովէն սկսած, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սկիզբը Մշակոյթի, եւ ապա Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով, սկսաւ օժանդակել լրատուամիջոցներու համահայկական համաժողովներու իրականացման:
Համաժողովները սկսան ունենալ նաեւ որոշակի թեմատիկ ուղղուածութիւններ: Այսպէս, հինգերորդ համաժողովի թեման էր` «21-րդ դարու մարտահրաւէրները. տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը», վեցերորդինը` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ», եօթերորդը նուիրուած էր քարոզչութեան, հակաքարոզչութեան, տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն:
– Որո՞նք են ակնկալիքները լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովէն: Ձեր կարծիքով ի՞նչ նոր հանգրուանի կը հասնի Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուադաշտի փոխգործակցութիւնը:
– Հոկտեմբեր 20-24-ին Երեւանի մէջ կը սկսի եւ Ստեփանակերտի մէջ կ’աւարտի «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրը կրող Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովը: Կը կարծեմ, Երեւան-Ստեփանակերտ առանցքի ընտրութիւնը խորհրդանշական է, եւ որոշակի, շատ հասկնալի ուղերձ կը պարունակէ իր մէջ: Միայն արտերկրէն համաժողովին մասնակցելու յայտ ներկայացուցած են արդէն հարիւրէ աւելի լրատուամիջոցներ: Համաժողովը ուղիղ պիտի հեռարձակուի համացանցով եւ պիտի ըլլայ պատկերաւոր․ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ լրագրողները պիտի կարենան մասնակցիլ համաժողովի աշխատանքներուն համացանցի միջոցով, հարցեր տալ, առաջարկութիւններ ընել, ելոյթներ ունենալ եւ այլն: Ի դէպ, այս առցանց հեռարձակման հնարաւորութիւնը եւս արդիւնք է նախկին համաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած գործարար կապերու եւ ստեղծուած համատեղ ծրագիրներու:
Նշեմ նաեւ, որ ինչպէս նախորդ համաժողովներուն ընթացքին, այնպէս ալ այս անգամ համաժողովի բոլոր նիւթերը` ընդունուած յայտարարութիւնները, ելոյթները, տեսագրութիւնները, կ’ամփոփուին «Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան» www.mediaforum.am կայքին մէջ:
Կը կարծեմ` այս համաժողովը պիտի ըլլայ հերթական հզօր քայլը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու միջեւ կապը եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը զարգացնելու գործին մէջ: Յոյսով եմ, որ համաժողովին ընթացքին կ’ընդլայնուի նաեւ «Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան» անդամներու թիւը (ինչպէս որ եղած է նախորդ համաժողովներուն ընթացքին), կը հաստատուին կազմակերպութեան նոր ծրագիրներ եւ գործունէութեան ուղղութիւններ:
Գէորգ Չիչեան