«Հայկական Ժառանգութիւնը Պէտք Է Վերադառնայ Հայաստան». ՀՀ Սփիւռքի Նախարար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/Նախարար11.jpg)
Հոկտեմբեր 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեանը եւ լիբանանահայ լրագրող Պայծիկ Գալաճեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն ու անհատներուն կողմէ Հայրենիքը ամէն ինչէ վեր դասելու եւ անոր կողքին ըլլալու մշտագոյ վճռականութիւնը, միասնական կամքն ու պատրաստակամութիւնը:
Յակոբ Վարդիվառեան նշեց, որ հաւաքած է հայկական մամուլի եւ գրականութեան 50 տարուան արխիւ եւ կը ցանկայ այդ շտեմարանները նուիրել Հայաստանին: «Արխիւները վերադարձնելով` նաեւ օրինակ կը դառնամ այլոց», – աւելցուց ան:
«Հայկական ժառանգութիւնը պէտք է վերադառնայ Հայաստան: Արխիւները անգնահատելի են». ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:
Քննարկուեցան հայկական լրագրական ժառանգութիւնը Հայրենիք վերադարձնելուն վերաբերող կազմակերպական հարցեր: Սկիզբ դրուեցաւ «Արխիւներու վերադարձ Հայաստան» նախաձեռնութեան: Որոշուեցաւ Յակոբ Վարդիվառեանի հաւաքած «Հայրենիք», «Պայքար», «Նոր օր», «Զարթօնք», «Նոր գիր», «Շիրակ» եւ այլ թերթերու ու պարբերականներու հսկայածաւալ արխիւները տեղափոխել Հայաստան` Ազգային գրադարանին յանձնելու համար:
Պայծիկ Գալաճեանն իր խօսքին մէջ կարեւոր համարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հաւասարակշռուած եւ ուղղորդող դերը սփիւռքահայերուն համար: Ան նշեց, որ նախարարութեան իրականացուցած աշխատանքները եւ նախաձեռնութիւնները խթան են Սփիւռքի համար` առաւել պատրաստակամօրէն ու առաւել ոգեւորուած գործելու, պարտականութեան գիտակցութեամբ ազգային հարցերուն մօտենալու համար: