3 Զինուոր` Մէկ Ընտանիքէ. Սուրիահայ Գասանճեան Եղբայրները Կը Ծառայեն Հայոց Բանակին ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Մովսես-Կասանջյան.jpg)
17-ամեայ Մեսրոպ Գասանճեան ընտանիքին հետ Հայաստան եկած է 2 տարի առաջ Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքէն: Այնտեղ անոր հայրը մեքենաներու վերանորոգութեամբ կը զբաղէր, եղբայրները սափրիչ կ’աշխատէին:
Սուրիական պատերազմը հայրենիք բերաւ նաեւ այս ընտանիքը: Հայաստան տեղափոխուելէ ետք շուրջ 1.5 տարի Գասանճեաններու ընտանիքը կ’ապրէր Մեծամօր քաղաքին մէջ: Վերջին ամիսներուն, սակայն, անոնք տեղափոխուած են մայրաքաղաք, Զէյթուն թաղամասին մէջ մէկ սենեականոց բնակարան վարձակալած են, 5 հոգինոց ընտանիքը այդ մէկ սենեակին մէջ կը բնակի:
Ընտանիքը 5 արու զաւակ ունի. անոնցմէ 4-ը հարազատ եղբայրներ են` Պօղոսը, Գէորգը, Սաքոն ու Մեսրոպը, իսկ Թորոսը տղաներու մօրաքրոջ որդին է: Թորոսի հայրը շատոնց մահացած է, եւ տղուն խնամքը Գասանճեանները ստանձնած են:
Ժամանակաւոր անյարմարութիւնները, սակայն, չեն ընկճած այս ընտանիքը, աւելին` ընտանիքի 2 տղաները` Գէորգն ու Թորոսը, այսօր կը ծառայեն Հայոց բանակին մէջ: Գէորգը արդէն 9 ամսուան ծառայող է, Թորոսը` ընդամէնը երկու: Երկուքն ալ Ղարաբաղի զօրամասերուն մէջ կը ծառայեն, գոհ են ծառայութենէն, ոգեւորուած, ու արդէն կը սպասեն իրենց երրորդ եղբօրը` Մեսրոպին:
Մեսրոպի 18-ամեակը 2 ամիսէն կը լրանայ, բայց տղան արդէն անհամբեր կը սպասէ, թէ երբ պիտի զօրակոչուի բանակ, կ’ուզէ անպայման եղբայրներուն կողքին ըլլալ` Արցախի մէջ: «Տղաներուս յաճախ կ’ըսեմ` ինչու՞ կ’երթաք ծառայելու, դուք օտար երկրի քաղաքացի էք, կրնաք չծառայել, բայց ես միշտ կը հակադարձեմ` եթէ իրենք չծառայեն, ապա ո՞վ պիտի ծառայէ: Օտարը չի գար մեր բանակը շէնացնելու, սա մեր հողն է, Ղարաբաղն ալ նոյն Հայաստանն է, ամէնքս ալ հայ ենք»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը պատմէ ընտանիքի հայրը` Դաւիթ Գասանճեանը:
Մեսրոպը քչախօս է, համեստ, ինքնամփոփ, ու զրոյցը դժուար կը ստացուի…օգնութեան կը հասնի ընտանիքի բարեկամուհին` տիկին Նաթալին. «Գիտէ՞ք, ամբողջ օրը հայրենասիրական, ազգային երգեր կը լսէ: Կրնայ ողջ օրը տան մէջ փակուած մնալ: Իր տարիքի տղաներուն չի նմանիր, փողոցին մէջ հետաքրքրութիւններ, ընկերներ չունի, միայն եղբայրներուն հետ յաճախ կը խօսի, կ’ըսէ` երթամ` եբբօրս հետ կռուիմ…»: Բանակին մէջ ծառայելու մասին մտքերը այնքան զբաղեցուցած են Մեսրոպին, որ բացի ծառայութենէն, ուրիշ բանի մասին չի մտածեր: Կը հարցնեմ` որ ծառայես, վերջացնես, ինչով պիտի զբաղիս: «Տէ, երկու տարի դեռ կայ, կը մտածեմ: Գուցէ զինուորական գործը շարունակեմ»,-կ’ըսէ ապագայ զինուորը:
Ի դէպ, Մեսրոպի աւագ եղբայրը` Գէորգը, որ Հադրութի զօրամասերէն մէկուն մէջ կը ծառայէ, ապրիլեան օրերուն մասնակցած է թէժ մարտերուն: Հասցուցած է այդ օրերուն մարտական ոգին, ոգեւորութիւնը փոխանցելու կրտսեր եղբօրը: Դիրքերէն կը զանգէր հարազատներուն, անոնց կը հանգստացներ` ըսելով. «Առիւծի պէս առաջ պիտի երթանք մինչեւ վերջ»: Այսօր Գէորգը արդէն հմուտ հրետանաւոր է, իսկական ռազմիկ:
Հայաստան տեղափոխուելու առաջին օրերէն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը այս ընտանիքին կողքին է: Ինչպէս նախարարութիւն դիմած բոլոր սուրիահայերուն, Գասանճեաններուն եւս գերատեսչութիւնը օգնած է առողջապահական, կեցութեան հարցերով: Նախարարութեան օժանդակութեամբ ընտանիքը կրցած է մասնակցիլ աւագ որդիին` Գէորգին, զինուորական երդման արարողութեան:
Հայաստան տեղափոխուած շատ սուրիահայերու պէս Գասանճեաններուն խնդիրները նոյնպէս բնակարանին ու աշխատանքին կը վերաբերին: Մեծամօրի մէջ ապրելու անոնց օգնած են բնակարանի վարձը վճարելով, այսօր այդ նոյն խնդիրը ունին Երեւանի մէջ: Սփիւռքի նախարարութիւնը այս հարցով եւս կը փորձէ օգնել ընտանիքին` բնակարանի վարձի համար դիմելով տարբեր մարդասիրական, հասարակական կազմակերպութիւններու:
Երեւանի մէջ Գասանճեանները իրենց սեփական գործը հիմնած են: Քաղաքին մէջ փոքրիկ տարածք մը վարձակալած են, ուր թարմ հաց, լահմաճուն կը թխեն ու կը վաճառեն: Գործը նոր է, բայց դժգոհ չեն, կրնան իրենց օրուան հացը վաստակել:
Ի վերջոյ, աշխատող, հայրենասէր մարդը ամէն տեղ իր հացը կը գտնէ, բայց Հայրենիքի հացը անուշ է, միայն թէ խաղաղութիւն ըլլայ….
Ջուլիետա Մաթեւոսեան