Տօնդ Շնորհաւո՛ր, Հայաստա՛ն Աշխարհ. Անահիտ Բախշեան

Սեպտեմբեր 21-ին համայն հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձը: Այդ պատմական իրադարձութիւնը մեծ ու պանծալի յոբելեան է ոչ միայն Հայաստան ապրող հայերուն համար, այլ նաեւ` աշխարհասփիւռ հայութեան:

«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճանչցուած գործիչներու շնորհաւորական խօսքը տօնին առիթով:

Իմ սիրելի՛ հայ ժողովուրդ, շնորհաւո՛ր մեր միակին, մեր թանկարժէք ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ամեակը: Ան դեռ  երիտասարդ է, որուն մանկութիւնը անցած է ցաւի, սովի ու պատերազմի միջով, կորսնցուցած է իր բազում քաջ զաւակները, ազատագրած ԱՐՑԱԽՆ ու ապրած ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԲԵՐԿՐԱՆՔԸ:

Մանկութեան դժուար, ցաւոտ ու սոված տարիներուն հետեւանքով անոր մարմինը մեծցած է անառողջ, կը տառապի հիւանդութենէ մը, որ  արեւի ու Լոյսի պակասութեան հետեւանք է: 25 տարեկան մեր երիտասարդ պետութիւնը այսօր ամենաշատ կարիքը ունի իւրաքանչիւրիս, իւրաքանչիւր ՀԱՅՈՒ բերած լոյսին, գիտելիքին, կորովին ու ջանքին: Առանց մեզ խնայելու`բազմապատկենք մեր նիւթական ներդրումները, ներարկենք մեր միակի մարմինը սիրառատ աւիւնով, պարուրենք մեր սրտի ողջ ջերմութեամբ ու առողջացնենք մեր 25-ամեայ պետութիւնը` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ, որպէսզի եկող սերունդներուն համար ապահովենք ապաքինուած ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, արժանապատիւ կեցութիւն ու հպարտութիւն` ի փառս աշխարհասփիւռ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ:

ԿԵՑՑ՛Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ:

 Հասարակական-քաղաքական գործիչ,

Երեւանի աւագանիի՝ «Բաեւ Երևան» խմբակցութեան անդամ

Անահիտ Բախշեան

 

Scroll Up