Գնահատենք Մեր Ձեռքբերումները. Զարմիկ Պօղիկեան

Հայաստանի անկախութիւնը մեր ազգային տեսլականի իրականացած մէկ հանգրուան է։ Մեր լուսաճաճանչ յաղթանակը, որ միաժամանակ Սփիւռքի մէջ հայ մնալու մեր հիմնական մեր երաշխիքն է։ Ձեռքբերում մը, որ մեզ կը դնէ Հայաստանի պետականութիւնը հաւաքական աշխատանքներով հզօրացնելու յանձնառութեան տակ։

Մենք, ըլլալով փոքր բայց ուժեղ ժողովուրդ, պէտք է պարծենանք մեր անկախ պետականութեամբ, որովհետեւ անկախ հայրենիք ունենալու դարերու մեր երազը իրականութիւն դարձած է արդէն։ Այո՛, գոյութիւն ունին դժուարութիւններ, որոնք կարելի չէ հերքել, սակայն մեր ժողովուրդը Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի ներգործօն դեր ունենալով հայրենի մեր պետականութեան աստիճանական հզօրացման գործընթացին մէջ, ունի բոլոր տուեալները միասնական հզօր ուժի վերածուելու ու այդ ուժը մեր հայրենիքի հզօրացման ծառայեցնելու հնարաւորութիւն։

Մերթ ընդ մերթ մեզ յուսահատեցնելու, մեր արժէքները թերագնահատելու, մեր յաղթանակներով հպարտանալու փոխարէն մեզ անճրկելու նենգ փորձերը վանելով, մեր մեծագոյն ձեռքբերումը, մեր անկախ պետականութիւնը հզօրացնելու պարտաւորութիւնը միշտ գերխնդիր համարելով, համախմբուինք Հայաստանի 25-ամեայ անկախ պետականութեան շուրջ։ Սփիւռքի եւ հայրենիքի մեր բոլոր հնարաւորութիւնները լաւագոյնս օգտագործելով, մեր պատկերացումները գործի վերածելով, մեր հայրենիքը կրնանք դարձնել աւելի հզօր, հասարակարգը աւելի արդար։

Իսկ մեր երիտասարդ սերունդներուն ներուժը ուղղելով հայրենիքի հզօրացման, կը հաւատանք, որ տարուէ տարի բարգաւաճելով կրնանք ստեղծել այնպիսի Հայաստան մը, որ տարածաշրջանին մէջ փոքր բայց մարդկային ու ճարտարագիտական իր հարստութիւններով հարուստ, ազգային իր քաղաքականութեամբ լուսաշող ներկայութիւն կը դառնայ՝ իր երդիքին տակ համախմբելով ողջ հայութիւնը։ Այսօր սուրիահայութեան ներկայութիւնը անկախ Հայաստանի մէջ, անոր աստիճանական համարկումը հայաստանեան միջավայրին մէջ, ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն հանգրուանային կայացումը Հայաստանի թէ Արցախի մէջ միթէ՞ չեն վկայեր Հայոց պետականութեան գեյատեւման մեր հիմնական առանցքը ըլլալու իրողութեան մասին։

Անկախ ու յաղթական Արցախը միթէ՞ չի վկայեր մեր փոքր բայց իր ինքնուրոյն ճակատագիրը, ի հեճուկս նենգ թշնամիներու, սեփական ձեռքերով կերտելու ընդունակ ժողովուրդ մը ըլլալու իրականութեան մասին։ Հպարտանանք մեր յաղթանակներով, հաւատանք մեր ուժերուն ու հաւատքով նուիրուինք Հայոց պետականութեան հզօրացման կոչուած բոլոր աշխատանքներուն։ Ու այն ժամանակ մեր նպատակը տկարութիւն պիտի չճանչնայ երբեք։

Զարմիկ Պօղիկեան

Scroll Up