Ազատ Արցախը 25 Տարեկան Է

Սեպտեմբեր 2-ը Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրն է:

25 տարի առաջ` 1991 թ. Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նիստը` բոլոր մակարդակի խորհուրդներու պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, ընդունած է հռչակագիր ԼՂՀ հռչակման մասին` ԽՍՀՄ օրէնսդրական չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին համապատասխան:

Աւելի ուշ, օգտագործելով ինքնուրոյն հանրաքուէ իրականացնելու եւ սեփական պետական իրաւական կարգավիճակի մասին հարցադրման իրաւունքը, որ ամրագրուած է միութենական օրէնսդրութեան մէջ, ԼՂՀ ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդը որոշում  ընդունած է Հանրապետութեան անկախութեան մասին հանրաքուէ իրականացնելու շուրջ:

1991 թ. Դեկտեմբեր 10-ին, ԼՂ-ի բնակչութիւնը հանրաքուէով ամրագրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը:

Այսպիսով, նախկին Ատրպէյճանական ԽՍՀ տարածքին մէջ ձեւաւորուեցան երկու իրաւահաւասար պետական կազմաւորումներ` ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն:

Ստեղծուած իրավիճակը անսպասելի էր Ատրպէյճանի համար եւ 3 շաբաթ անց սկսաւ Պաքուի պատասխան գործողութիւնը:

1991 թ. Սեպտեմբեր 25-ին Շուշիէն առաջին անգամ «Ալազան» տեսակի հրթիռներով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը` սկսաւ արցախեան գոյամարտը:

Պատերազմի յորձանուտին մէջ հայերը միացիալ ուժերով ստեղծեցին հայոց ազգային բանակ, որ կը կազմէր մօտ 20-25 հազար:

Հայկական ուժերու վճռական գործողութիւններուն հակառակորդը չկարենալով դիմադրել եւ վախնալով աւելի ծանր կորուստներ կրելու մտքէն` զինադադար կը խնդրէ:

1994 թ. Մայիս 12-ին Ատրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան կնքեցին հրադադարի համաձայնագիր:

Scroll Up