Տօնդ Շնորհաւո՛ր, Հայաստա՛ն Աշխարհ. Շահան Գանտահարեան

Սեպտեմբեր 21-ին համայն հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձը: Այդ պատմական իրադարձութիւնը մեծ ու պանծալի յոբելեան է ոչ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն համար, այլ նաեւ` աշխարհասփիւռ հայութեան:

«Հայերն այսօր»-ը կը  ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճանչցուած գործիչներու շնորհաւորական խօսքը տօնին առիթով:

Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի բազմաթիւ խորհուրդներ կը բովանդակէ։ Փորձելով սփիւռքեան հայեացքով որոշ դիտարկումներ կատարել անմիջապէս հաստատենք, որ Սփիւռք հասկացողութեան հայեցակարգային եւ բովանդակային փոփոխութիւններ բերաւ Հայաստանի հանրապետութիւնը։ Անընդմէջ շփումներն ու համագործակցութիւները ,յատկապէս Սփիւռքի նախարարութեան հիմնումով աւելի աշխուժացած եւ կառուցակարգուած համագործակցութիւնը ամենակարեւոր եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ոլորտներու մէջ հիմնովին նպաստեցին Սփիւռք հասկացողութեան ընկալման եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայու ազգային փլիսոփայութեան բարեփոխման։ Համայնքայինէն պետական եւ գաղութայինէն համապետական եւ համահայկական մտածողութեան եւ աշխատակարգի անցումը նոր շունչ, նոր որակ եւ նոր հեռանկարներ բացին սփիւռքահայուն առջեւ, որ առանց սեփական պետութեան դժուար թէ կարենար ներկայ ժամանակներուն պարտադրած մարտահրաւէրները դիմակայել։

Հայաստանակեդրոն մտածողութիւնը, ազգային փլիսոփայութեան պետականամէտ առանցքի գոյացումը եւ անոնցմէ բխող աշխատանքի ընդարձակ դաշտերու կայացումը արդիւնք են Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան, անցած ուղիին, ձեռք բերած նուաճումներուն։ Հայաստանակեդրոնութիւնը այսուհետև առանցքային նշանակութիւն ունի մեր հետագայ աշխատանքներուն համար, առանց որուն մենք, իբրեւ Սփիւռք կը վերածուինք պետականազուրկ, ցիր ու ցան համայնքներու, և յաճախ ալ քաղաքական առաջադրանքներու մեր հետապնդման ընթացքին իրաւական յենարաններէ զուրկ հաւաքականութիւններու։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնովին շրջեց այս անհեռանկար իրավիճակը եւ Սփիւռքին ապահովեց նոր ընկալելիութիւն, նոր փլիսոփայութիւն, նոր աշխատակարգ, նոր հորիզոններ։

Շահան Գանտահարեան

Scroll Up