«Անկախութիւնը Հզօ՛ր Ձեռքբերում Է, Ուստի Այն Հզօր Ուժերով Պէտք Է Պահպանել». Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ լաւագոյն աւանդոյթներէն մէկն ալ սփիւռքահայ գրողներու գիրքերու շնորհանդէսներու կազմակերպումն է. այս անգամ օրուան խորհուրդը սուրիահայ արձակագիր, բանաստեղծուհի, լրագրող եւ մանկավարժ Մարիանա Պերթիզլեանի «Ձա՛յն տուր, Ծառ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն էր, որուն առիթով «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ զրուցեցի հայրենասէր հայուհիին հետ:
–Մարիանա, կը շնորհաւորե՛մ Ձեր 4-րդ գիրքի լոյս ընծայման եւ շնորհանդէսին, ինչպէս նաեւ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձր պարգեւին` «Մայրենիի դեսպան» մետալին արժանանալու առիթով եւ կը ցանկամ, որ Ձեր գրական ընթացքը արգասաբեր ու շարունակական ըլլայ: Ին՞չ մտորումներու ծնունդ է այս նոր գիրքը:
-Շնորհակալութիւ՛ն բարեմաղթանքին համար, շնորհակալ եմ ՀՀ սփիւռքի նախարարին, նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանին, լրագրող, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Վարդան Դեւրիկեանին եւ նախարարութեան բոլոր այն աշխատակիցներուն, որոնք բարձր գնահատանքի արժանացուցին իմ ժողովածուս եւ կազմակերպեցին այս շնորհանդէսն ու ջերմ ընդունելութիւնը: Ինչպէս ծնաւ գիրքս…այս գիրքը ամբողջովին նոր չեմ գրած, կան նաեւ տարիներ առաջ գրած ու տպագրուած գործեր, որոնց տարիներու հեռուէն նոր հայեացք մը ձգեցի, յղկեցի:
Գիրքի մէջտեղի հատուածին մէջ զետեղուած գործերը`«Նոր ուրախութիւն» խորագիրով, ծնան միանգամէն. կարծես հրաշքով` վերեն թելադրուեցան բոլոր տողերը, իսկ ես մէկ շունչով գրեցի: Իմ ազգականուհիս` արդէն 85 տարեկան լիբանանահայ գրող, 30-է աւելի գիրքերու հեղինակ Շահանդուխտ Պերթիզլեանը, միշտ կ’ըսէ, որ բանաստեղծութիւնը պէտք չէ չարչրկել, այսինքն` շատ փոխել, շտկել…
-«Մայրենիի դեսպան»-ի մետալին Ձեզի արժանացնելը անակնկա՞լ էր…
-Այո՛, բնաւ չէի սպասեր. ես ինծի արժանի չեմ տեսներ. թէեւ տարբեր տարիներ ուսուցչութիւն ըրած եմ եւ հիմա պէտք է շարունակեմ ընել. Կը կարծեմ, որ ամէն բանի մէջ ուսուցչութիւն կայ: Քանի որ խօսեցայ ուսուցչութեան մասին, ըսեմ, որ իմ կարծիքովս ուսուցչութիւնը կոչում է: Իմ կեանքիս մէջ ամէն պարագայի կայ ուսուցչութիւնը, երբ ոեւէ մէկուն համար կը սրբագրեմ կամ կը խմբագրեմ ու կը կազմեմ որեւէ նիւթ, գրաւոր աշխատանք: Մայրենիի դեսպաններն են բոլոր այն հայերը, որոնք դուրսը կը սորվեցնեն, կը պահեն ու կը պահպանեն մեր հայ լեզուն: Այս մետալին արժանանալը ինծի առաւել մեծ պատասխանատուութեան տակ դրաւ, որպէսզի կարենամ ամբողջ ճիգերս լարել` ընելու այն, ինչ մինչ այժմ չեմ ըրած:
–Մարիանա՛, ի՞նչ պիտի ըլլայ ձեր յաջորդ գիրքը:
-Այս բանաստեղծութիւններուս շարունակութիւնը կայ, մօտ 50 էջի չափով արձակ գործեր ունիմ, որոնք լոյս աշխարհ պէտք է գան:
–Սիրելի հայուհի՛, մեր վերջին հարցազրոյցէն մէկ տարի անց հանդիպած ենք, եւ ես պէտք է տամ նոյն հարցս` չէ՞ք վախնար ապրելու հրթիռակոծուող, արկերու շաչիւններու տակ աւերակներու վերածուող, կեանքի ու մահուան պայքարի ամէնօրեայ, ամէնժամեայ վտանգի մէջ ապրող Հալէպին մէջ, չէ՞ք ուզեր տեղափոխուիլ հայրենիք:
-Ես ալ նոյն պատասխանը տամ` դժուար է ձգել ծննդավայրդ, տունդ, յիշատակներդ, այնտեղ ձեւաւորուած վաղեմի մշակոյթը, մշակութային ու հոգեւոր արժէքները…եթէ դուրս գանք Հալէպէն, ապա մեր հանգրուանը Հայաստանը՛ պէտք է ըլլայ: Չեմ ուզեր դատարկուի Հալէպը, նաեւ չեմ ուզեր, որ դատարկուի Հայաստանը: Եթէ Հայաստանէն գացողներ կ’ըլլան, ապա պէտք է նաեւ վերադարձողներ, ներս եկողներ ալ ըլլան: Հողին վրայ ապրողները ու արարողնե՛րը Հայրենիք կը կազմեն. ցամաք, դատարկ տարածքի վրայ Հայրենիք չի՛ գոյանար: Ես կ’ափսոսամ, որ մեր հրաշալի տղաներն ու աղջիկները օտար երկիրներ կ’երթան. ոեւէ մէկուն ես չեմ ուզեր դատել այդ առումով, սակայն մտահոգ եմ ձուլման վտանգով:
–Մարիանա՛, Դուք կապուած էք Հայաստանին հազարումի թելերով եւ, բարեբախտաբար, Հայաստանի մէջ էք մեր Անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին առիթով. ի՞նչ կը մաղթենք Հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին այդ տօնին առիթով:
-Ես շատ կը սիրեմ Հայաստան բնակող հայ ժողովուրդը. եթէ այստեղ բնակող հայերը գացած ըլլային, այս երկիրը երեւի տէր չէր ունենար: Իրենց առօրեայ ձեռնարկներով, դժուարութիւններով, համբերատարութեամբ Հայաստանի հայերը կը պահեն այս երկիրը: Անկախութիւնը հզօ՛ր ձեռքբերու մէջ է, ուստի այն հզօր ուժերով պէտք է պահպանել:
Զրուցեց Կարինէ Աւագեան