«Պատգամաւորներու Աշխատանքները Պիտի Կեդրոնանան Սուրիոյ Վերականգնման Խնդիրներուն Շուրջ». Նորա Արիսեան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/05/Նորա-Արիսյան1.jpg)
Յառաջիկայ օրերուն կը կայանայ Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու երդման արարողութիւնը: Նախապէս յայտնած էինք, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Սուրիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր ընտրուած է հայուհի Նորա Արիսեան:
«Հայերն այսօրը» կը ներկայացնէ պատգամաւորներու հետ հարցազրոյցը:
– Տիկին Արիսեան, կը շնորհաւորենք ձեզի: Դուք առաջին սուրիահայ կինն էք, որ կ’ընտրուի այդ պաշտօնին:
– Շնորհակալութիւն: Աննախընթաց երեւոյթ էր պատգամաւոր ընտրուիլը, այդ պատճառով պատասխանատուութեան զգացումները աւելի կը կշռեն:
– Ինչպէս որոշեցի՞ք, ինչը ձեզի մղե՞ց, որ մասնակցիք ընտրութիւններուն:
– Ըլլալով Արաբ գրողներու միութեան անդամ` ներքին կարգով քաջալերական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ այնտեղ, շատերը յորդորեցին, որպէսզի թեկնածութիւնս առաջադրեմ: Եւ կամաց-կամաց ինքս ալ նկատեցի, որ, իսկապէս, իմ ներկայութիւնս Սուրիոյ Խորհրդարանէն ներս կրնայ Սուրիոյ մէջ բազմազանութեան իրողութեան դրսեւորում ըլլալ, ինչպէս նաեւ` Դամասկոսի կնոջ ներկայութեան:
– Ինչ պիտի ըլլայ ձեր ամէնառաջին քայլը՞` որպէս երեսփոխան:
– Քանի որ Սուրիոյ մէջ պատերազմ է, ապա, ընդհանրապէս, բոլոր պատգամաւորներու աշխատանքները պիտի կեդրոնանան Սուրիոյ վերականգնման խնդիրներուն շուրջ, որոնք կ’ընդգրկեն նաեւ մշակութային, կրթական, սոցիալական եւ հասարակական ասպարէզներ:
– Ինչ հարցեր կը պահէք ձեր ուշադրութեան կեդրոնի՞ն մէջ:
– Ընտրական արշաւի կարգախօս ընտրած էի` «Ապաքինուող Սուրիոյ համար», ուր որպէս առաջնահերթութիւն` Սուրիոյ վերականգման խնդիրն էր: Սակայն ելլելով իմ մասնագիտութենէս, իմ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պիտի պահեմ նաեւ կրթական, մշակութային եւ կանանց վերաբերող հարցերը:
– Ձեր կարծիքով օրէնսդիր դաշտին մէջ ինչ դերակատարութիւն կրնան ունենալ կանա՞յք:
– Սուրիոյ մէջ կանայք մուտք գործած են ո՛չ միայն խորհրդարան, այլեւ ներկայութիւն ունին դատարաններու մէջ` գրաւելով կարեւոր պաշտօններ: Իսկ Խորհրդարանին մէջ կանայք կը զբաղեցնեն մօտ 12 տոկոսը: ընտանեկան, կանանց խնդիրներուն վերաբերող եւ այլ հարցեր բարձրաձայնելով` անոնք կրնան դերակատարութիւն ունենալ գործող օրէնքները բարելաւելու ուղղութեամբ:
– Տիկին Արիսեան, հայ պատգամաւորները ինչով կրնան աջակցիլ հայ համայնքի՞ն, յատկապէս համայնքին համար այս ծանր ժամանակահատուածին:
– Սուրիոյ հայ համայնքի անդամները Սուրիոյ քաղաքացիներ են, ու անոնք ալ , ինչպէս Սուրիոյ իւրաքանչիւր քաղաքացի, կը կրեն պատերազմի հետեւանքները: Հետեւաբար, առ այժմ բոլոր սուրիացիներու պահանջները պայմանաւորուած են պատերազմի հետեւանքները վերացման խնդիրներով:
Լուսինէ Աբրահամեան