«Մենք Անգամ Օտար Միջավայրի Մէջ Մեր Արմատներէն Սնուած Ենք». Լենա Շամլեան

Լենա Շամլեան Հալէպի մէջ երկու աշխատանք ունէր` դպրոցի մէջ  կը դասաւանդէր եւ կը  զբաղէր սեփական գործարարութեամբ: Սակայն խաղաղ ու հանգիստ կեանքը մէկ օրուան մէջ աննկարագրելիօրէն փոխուեցաւ. պատերազմը մտաւ անոնց տուները:

Ձգելով ծննդավայրը, հարազատները, սիրելի Հալէպը` տիկին Լենան տեղափոխուեցաւ ոչ պակաս սիրելի հայրենիք: «Հայերն այսօրի» թղթակիցը սուրիահայ կնոջ հետ խօսած է հալէպեան ջերմ միջավայրի, Արեւմտահայաստանէն ժառանգած աւանդոյթներու ու ներկայի մասին:

Տիկի՛ն Լենա, չեմ գիտեր սուրիահայ մը, ըլլայ Հալէպէն, Դամասկոսէն, թէ Լաթաքիայէն, որ յատկապէս հէնց հալէպեան միջավայրը չսիրէ: Կ’ըսեն` այն իւրայատուկ մշակոյթ ու հետաքրքիր առանձնայատկութիւններ ունի: Պատմէք քիչ մը այդ մասին:

-Այո՛, Հալէպը ուրիշ է: Անգամ հիմա, երբ պատերազմը քանդած է ամէն ինչ, հողին հաւասարեցուցած երբեմնի կենսունակ ու գեղեցիկ քաղաքը, Հալէպը դարձեալ ուրիշ է: Սա փոխադարձ յարգանքի ու ջերմութեան քաղաք է, ուր երկար ժամանակ իսլամ ու քրիստոնեայ, արաբ, հայ ու տարբեր ազգեր ապրած են միասին խաղաղ ու արարող կեանքով:

Մեզի յատկապէս կը յարգէին մեր աշխատասիրութեան ու պատմութեան համար: Կարեւոր գործերը կը վստահէին հայերուն, մեր վարպետները քաղաքով մէկ ճանչցուած էին, որոշակի աստիճանի  հասած էինք բոլոր ոլորտներուն մէջ: Ստեղծած էինք հայկական բարի ու գեղեցիկ մթնոլորտ մը, դարձած Հալէպի սիրտը:

Կը յարգէին մեր կրօնը, մենք ալ` իրենցը: Տեղացիները մեզի երբեք չեն խանգարած: Ունէինք հայկական եկեղեցիներ, դպրոցներ, վարժարաններ, կը նշէինք մեր տօները,  փորձելով հայկականութեան շունչ հաղորդել Հալէպին: Այդպէս ալ կար: Սակայն աւաղ ամէն ինչ գլխիվայր փոխուեցաւ: Հիմա հայկական եկեղեցիները քանդուած են, պահպանուած է միայն Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին: Սակայն կան վայրեր մեր ծննդավայրին մէջ, ուր հիմա անգամ կեանքի նշոյլ չկայ: Ցաւը անսահման է: Մեր հանգիստ ու գեղեցիկ կեանքին համար շատ մեծ տուրք վճարեցինք:

-Արեւմտահայաստանի աւանդոյթներն ու բարքերը սուրիահայերը կը պահպանեն նաեւ այսօր: Դուք արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի ո՞ր նահանգէն էք եւ ի՞նչ աւանդոյթներ  ժառանգած էք:

– Մեր կեանքը կարծես շրջապտոյտ ըլլայ: Նախ իմ նախնիներս  ստիպուած եղած են Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթել Սուրիա, նոյն ճանապարհը դար մը անց մեզի բերաւ հայրենիք: Մեծ հայրս` հօրս հայրը, Ուրֆայէն էր: Գաղթի ճանապարհին հանդիպած է մեծ մօրս, որ այդ ժամանակ փոքր եղած է, աչքի ինկած է իր գեղեցկութեամբ` շէկ մազերով եւ կապոյտ աչքերով: Մեծհայրս վերցուցած է անոր իր հետ, բերած Հալէպ: Տարիներ անց, երբ գեղեցիկ աղջնակը մեծցած է, մեծհայրս ամուսնացած է անոր հետ: Ունեցած են եօթ զաւակ: Հայրիկս չորրորդ երեխան  եղած է ընտանիքին մէջ: Այդպէս հաստատած են, շէն ընտանիք ու տուն ստեղծած:

Իսկ մօրական կողմս Քոնիայէն է, դարձեալ Արեւմտեան Հայաստանէն: Սակայն անոնք թրքախօս էին: Մանկութեան տարիներուն անոնցմէ ես եւ քոյրերս թրքերէն սորված ենք, սակայն մինչ օրս մեծհօրս շուրթերէն հնչած Ուրֆայի բարբառը ականջներուս մէջ է: Նոյնիսկ հիմա ձեռքիս տակ ունիմ ուրֆայական ճաշատեսակներու գրքոյկը, ուր մեր աւանդական ճաշատեսակներն են` բորանի, սարմա` թուփով տոլմա, քուֆթա եւ այլն: Մենք ատոնք այսօր ալ կը պատրաստենք:

Այնթապէն գաղթածներու ժառանգները  իրենց ուտեստները ունին, աւանդոյթները, առանձնայատկութիւնները: Եւ այդպէս շարունակ: Մենք անգամ օտար միջավայրի մէջ մեր արմատներէն  սնուած ենք:

-Տիկի՛ն Լենա, Հալէպ դպրոցի մէջ աշխատած էք նաեւ: Ին՞չ կրթութիւն  ստացած էք: Իմացած 5 լեզուներէն ո՞ր մէկը կը դասաւանդէիք:

– Ես ինքս յաճախած եմ Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան կեդրոնական վարժարան, ուր մեծ գիտելիքներու պաշար  հաւաքած եմ: Մենք տունին մէջ, միւս սուրիահայերուն հետ հայերէն խօսած ենք: Հալէպահայերուն անոր համար առանձնակի կը սիրեմ, որ իրար հետ հայերէն կը խօսին, եւ միայն արաբներու հետ` արաբերէն: Այսպիսով` հայոց լեզուին միշտ  անթերի տիրապետած եմ: Դպրոցը աւարտելուս` արաբերէնի պետական քննութիւն կու տայինք, իսկ ատկէ առաջ` հայերէնի, եւ կը ստանայինք հայկական վկայական: Քանի որ արաբերէնը պետական լեզու է, չէինք կրնար վարժ չիմանալ:

Վարժարանը աւարտելէ յետոյ ուսումս շարունակեցի Հալէպի համալսարանին մէջ` որպէս անգլերէնի մասնագէտ: Յետագային նաեւ ֆրանսերէն սորվեցայ, իսկ թրքերէն, ինչպէս նշեցի, մօրական մեծմօրմէս ու մեծհօրմէս  սորված եմ:

Աւարտելէ ետք սկսայ պետական դպրոցներու մէջ անգլերէն դասաւանդել: Սակայն միակ աշխատանքս չէր: Սեփական գործ ունէինք, նաեւ այդ գործերով կը զբաղուէի:

– Ինչպէ՞ս պատերազմը մտաւ Ձեր բնակարանները: Եր՞բ տեղափոխուեցաք Հայաստան:

– Պատերազմը չսպասուած հիւրի նման եկաւ: 2011-ին եկած էինք հայրենիք. հաւաքուած էինք բոլոր դասընկերներով աշխարհի չորս ծագերէն` նշելու դպրոցը աւարտելու 25-ամեակը: Սակայն այդ ժամանակ պատերազմ չկար, մենք վերադառնալու նպատակ չունէինք:

Գիտէք` դուք չէք կրնար պատկերացնել, թէ մեր մօտ ինչպէս կը պահպանուին հայկականն ու հայոց լեզուն, մենք ու մեր երեխաները մեծցած ենք հայրենասիրութեամբ, հայրենիքի կարօտով, անսահաման եղած է մեր սէրը հայրենիքի հանդէպ, հիմա ալ  այդպէս է, սակայն մեր տունը, ունեցուածքը, հարազատները Հալէպի մէջ էին, եւ մենք չէինք կրնար ամէն ինչ ձգել ու գալ: Այդ պատճառով  մենք Հալէպի մէջ փոքրիկ հայրենիք մը ստեղծած էինք:

2012 թուականի Հոկտեմբեր 22-ին եկանք Երեւան: Այդ ժամանակ բոլոր սուրիահայերուն հայկական անձնագիրներ կու տային: Վերցնելու համար պարտադիր պէտք է Երեւան գայինք, եւ մենք իրօք կը ցանկայինք այդ անձնագիրը ունենալ: Եկանք այստեղ առանց որեւէ բանի` յոյսով, որ ետ պիտի երթանք մեր ունեցուածքին համար, սակայն օդակայանը փակուեցաւ, թաղամասերը աւերուեցան, ամէն ինչ կորսուեցաւ:

-Ինչպէ՞ս սկսաք ոտքի կանգնիլ այստեղ:

-Մեզի համար միշտ հայրենիքը խորհրդանշային եղած է` Մասիս, Արաքս, վանքեր ու բնութիւն: Սակայն հայրենիքի մէջ ապրելու փորձ չունէինք: Դժուարութիւններ եղան, այսօր ալ կան: Հեշտ չէ ամէն ինչ սկսիլ զերոյէն, երբ տարիներ շարունակ տուն  ստեղծած ես, աշխատած, երազանքով ու նպատակով ապրած: Սակայն ձեռքերս ծալած նստիլ չէի կրնար: 2 տարի զբաղուեցայ զարդադեղերու վաճառքով, իսկ հիմա ահա այստեղ` «Հալէպի շուկային մէջ», իմ տաղաւարս ունիմ վարձակալութեան հիմունքով:

Վաճառքը քիչ կ’ըլլայ, բայց կը փորձեմ յարմարիլ: Երբ մեր պապերը Հալէպ  եկած են, ցանկացած են այդտեղ իրենց գողտրիկ հայրենիքը ստեղծել: Գալով այստեղ` մենք կը փորձենք մեր ծննդավայրէն մասնիկ մը ստեղծել: «Հալէպի շուկան» կարծես այդ փոքրիկ մասնիկը ըլլայ: Այստեղ ունինք նաեւ սուրիահայ կանանց կազմակերպութիւնը: Ես նաեւ ՀՕՄ-ուհի եմ` Հայ օգնութեան միութեան անդամ:

-Տիկի՛ն Լենա, կ’ենթադրեմ, որ Ձեր հարազատներէն ոմանք մնացած են Հալէպ: Կապ կա՞յ անոնց հետ: Ինչպէ՞ս կ’ապրին պատերազմի մէջ:

-Այո՛, կապը կայ, բայց իրավիճակը ծայրայեղ է: Հայկական դպրոցներէն  քանիս մը հատը կը գործեն: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուին պատարագներ, Կը նշուին բոլոր տօները` Բարեկենդան, Վարդանանց տօն, Տեառնընդառաջ: Բոլորը մէկ  դարձած են` օգնելով ու հասկնալով զիրար: Կը գործէ նաեւ «Զուարթնոց» երգչախումը, այս դժուարին պայմաններուն մէջ պիտի ելոյթ ունենան: Ես ալ այդ երգչախումբին մէջ երկար տարիներ երգած եմ: Այս ամէնը կ’ապացուցէ, թէ որքան հզօր է սուրիահայ համայնքը: Այն կը ձգտի պահպանել իր ինքնութիւնն ու դիմագիծը նաեւ հիմա` պատերազմի ճիրաններուն մէջ, արեան ու ցաւի մէջ:

Եւ վերջաւորութեան, տիկի՛ն Լենա, ո՞րն է Ձեր ամենամեծ ցանկութիւնը հիմա:

– Խաղաղութիւն ամէնուր, յատկապէս` իմ սիրելի Հալէպին: Թող ոեւէ մէկը չմահանայ, թող ոչ մէկ երեխայ որբ մնայ, թող փախստականներ չըլլան: Մարդկային կորուստը ամենաանդառնալին է: Չնայած անտանելի պայմաններուն` շատերը հիմա ալ չեն ցանկար լքել պատերազմական գօտին, իսկ մեր խաղաղ երկրէն մարդիկ կը հեռանան:

Թո՛ղ հայրենիքը բոլորին համար արժէք ըլլայ:

Ամալեայ Կարապետեան

ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի  4-րդ դասարանի ուսանողուհի

Լենա2 Լենա

Scroll Up