ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց ԱՄՆ Հանրային Սպասարկութեան Ծառայութեան Միջազգային Միութեան Հայկական Բաժանմունքի Պատուիրակութիւնը

Սեպտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ԱՄՆ Հանրային սպասարկութեան ծառայութեան միջազգային միութեան ղեկավար խորհուրդի անդամ եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական բաժանմունքի հիմնադիր Ստեփան Յովակիմեանը, միութեան աշխատակազմի անդամ եւ հայկական բաժանմունքի հիմնադիր Շուշան Պաղպուտարեանը, հասարակական աշխատողներ Սիլվա Քեշիշեանը եւ Քեթի Սապունճեանը:

Հիւրերը Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուցին ԱՄՆ Հանրային սպասարկութեան ծառայութեան միջազգային միութեան գործունէութիւնը` նշելով, որ կազմակերպութիւնը կոչուած է պաշտպանելու աշխատողներու իրաւունքները եւ անոնց ձայնը հասցնելու պետական ատեաններուն: Միութեան կազմին մէջ 2009 թուականին ստեղծուած հայկական մասնաճիւղի կարեւոր գործառոյթներէն մէկն ալ այն է, որ աշխատանքային յարաբերութիւններուն առնչուող խնդիրներու կարգաւորման զուգընթաց` իրենք կը փորձեն հայ մասնագէտներու համար աշխատատեղեր գտնել ամերիկեան կարեւոր պետական հիմնարկներուն մէջ` որպէսզի յետագային անոնք  կարենան գործել ի նպաստ հայութեան ազգային խնդիրներուն:

Հրանոյշ Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց հիւրերու գործունէութեան վերաբերեալ եւ յորդորեց ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել յատկապէս հայ երիտասարդութեան խնդիրները, ամէն ջանք գործադրել անոնց Հայաստանին եւ ազգային արմատներուն կապելու համար, հնարաւոր միջոցներով աջակցելու, որպէսզի  յառաջընթաց ունենան մասնագիտական եւ քաղաքական ասպարէզներուն մէջ: Նախարարի պաշտօնակատարը ընդգծեց նաեւ սփիւռքահայութեան կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու կարեւորութիւնը, որ կը նպաստէ նոր աշխատատեղերու ստեղծման,  Հայաստանի տնտեսական զարգացման ու արտագաղթի կասեցման:

«Մեծ ցանկութիւն ունինք մասնակցելու մեր Հայրենիքի զարգացման ու բարեկեցիկ դառնալու գործընթացին, որպէսզի հայրենի հողին վրայ ապրող մեր հայրենակիցները ապրին արժանապատիւ եւ արժանավայել կեանքով», – ըսաւ Շուշան Պաղպուտարեան: Իսկ Ստեփան Յովակիմեանն ալ աւելցուց` «Բախտաւոր ենք, որ Հայրենիք ունինք եւ ամէն ջանք պիտի գործադրենք` այն կանգուն ու ծաղկուն պահելու համար»:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի նմանատիպ կազմակերպութիւններու հետ կապերը սերտացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ընդլայնման առնչուող այլ հարցեր:

 

Scroll Up