Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը Բեկանման Ենթակայ Չէ. Օզտեմիր

Գերմանիոյ «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր «Մետիամաքս»-ին ըսած է, որ Պունտեսթակին կողմէ ընդունուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բեկանման ենթակայ չէ:

«Գրեթէ միաձայն Պունտեսթակը ճանչցած է հայերու ցեղասպանութիւնը: Ուստի միայն Գերմանիոյ Պունտեսթակը կրնայ այդ բանաձեւը տնօրինել, քանի որ Պունտեսթակը` որպէս սահմանադրական մարմին, որոշում կայացուցած է այդ բանաձեւին բովանդակութեան եւ կառուցուածքին վերաբերեալ», – «Մետիամաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ազգութեամբ թուրք գերմանացի խորհրդարանականը:

Ան ընդգծած է, որ «Գերմանիոյ Դաշնային կառավարութիւնը կը կիսէ այն տեսակէտները, որոնք ներկայացուած են բանաձեւին մէջ»:

Ճեմ Օզտեմիր շեշտած է, որ բանաձեւին ընդունմամբ գերմանացի խորհրդարանականները նախ եւ առաջ ցանկացած են ընդգծել, որ այսօրուան Գերմանիան կ՛ընդունի 1915 թուականին տեղի ունեցածին մէջ Գերմանական կայսրութեան մեղքը եւ ձախողումը:

«Երբեք նպատակ չենք հետապնդած ինչ-որ կերպ մեղադրել Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները: Մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիան պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ եւ քննարկումներ կը կազմակերպուին այս թեմայով: Կարեւոր է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան զարգացնեն լաւ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ», – ըսած է «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահը:

Scroll Up