Գամիշլիի Մէջ Ձայնային Ռումբի Պայթիւն

Գամիշլիի «Գանձասար»ի աշխատակից բժշկհ. Մարի Մելքոն տեղեկացուց, թէ այսօր առաւօտեան Գամիշլիի «Քորնիշ» թաղամասի բնակիչները ցնցում մը ապրած են ձեռնային ռումբի մը պայթիւնին պատճառով: Պայթիւնին հետեւանքով արձանագրուած են նիւթական փոքր վնասներ:
Մեր աշխատակիցին համաձայն, քաղաքը մահմետական Ատհա տօնին եւ վերամուտին նախօրէին լարուած վիճակ կ՛ապրի:

Scroll Up