ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Մեծ Բրիտանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպիսկոպոս Մանուկեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/Հովակիմ-Սրբազան1.jpg)
Օգոստոս 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մեծ Բրիտանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը: Հանդիպման ներկայ էին բրիտանահայ բարերար Րաֆֆի Դանիէլեան եւ Մեծ Բրիտանիոյ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արշալոյս Պապոյեան:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը բարձր գնահատեց Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի գործունէութիւնը:
Հոգեւոր առաջնորդը ներկայացուց բրիտանահայ բարերար Րաֆֆի Դանիէլեանին եւ Մեծ Բրիտանիոյ ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արշալոյս Պապոյեանին եւ համայնքէն ներս իրականացուած աշխատանքները:
Նախարարը հիւրերուն ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները` շեշտելով Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը յատկապէս «Արի տուն», «Իմ Հայաստան», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն:
Տ.Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան եւս կարեւոր համարեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը:
Քննարկուեցաւ արաբ լրագրողներ Մարիամ Զաքիի եւ Մուհամետ Հանասիի նկարահանած «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը եւ Հայաստանի արուեստագէտներու համերգները Մեծ Բրիտանիոյ մէջ կազմակերպելու հետ կապուած հարցեր:
Հանդիպման աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Սփիւռքի նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար եւ իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին յառաջիկային առաւել արդիւնաւէտ համագործակցելու վերաբերեալ: