Իրենց Տպաւորութիւններուն Մասին կը Խօսին «Իմ Հայաստան» Փառատօնի Մասնակիցները. տեսանիւթ
Յուլիս 22-29 կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»-ը, որուն մասնակցեցաւ աշխարհի 25 երկրէ ժամանած 48 պարախումբ:
10 օր շարունակ Սփիւռքէն ժամանած պարախումբերը ելոյթներ ունեցան Երեւանի, Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի, Արարատի, Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց ձորի, Տաւուշի մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: Փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուեցան նաեւ վարպետութեան դասեր` Սփիւռքէն ժամանած պարուսոյցներուն համար:
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ պարախումբերու անդամներու կարծիքները հայրենիք կատարած այցի եւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի մասին.