«Հայորդաց Տան» Սանուհին Ասմունքի Համահայկական Փառատօնի Մրցանակակիր

Օգոստոս 1-5 Շուշիի մէջ կայացաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուող  Ասմունքի համահայկական 5-րդ փառատօնը: ՀԱԵ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի Մոսկուայի «Հայորդաց տան» սանուհի Սիւզաննա Վանեան դարձաւ 2-րդ կարգի մրցանակակիր` արժանանալով ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ տրամադրուած թանկարժէք նուէրի: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Հայորդաց տան» տեղեկատուական կեդրոնէն:

Օգոստոս 1-ին, ի թիւս 93 մասնակիցի` Շուշի ժամանեցին նաեւ Մոսկուայի «Հայորդաց տան» չորս սաները` Սիւզաննա Վանեան, Վարսիկ Չրիկեան, Եւա Ադամեան եւ Գառնիկ Ասատրեան: Անոնց մասնակցութիւնը ասմունքի փառատօնին նախապատրաստած էր կրթօճախի ուսուցչուհի Ալվինա Յովհաննիսեան:

«Այս տարի մասնակիցների պատասրատուածութիւնը  շատ աւելի բարձր է եղել: Փառատօնի խորագիրը շատ ընդգրկուն է` «Իմ սուրբ հայրենիք»: Մենք տարէցտարի նոր մակարդակով ենք կազմակերպում փառատօնի անցկացումը, ինչն աւելացող փորձի արդիւնք է».- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ փառատօնը համակարգող Սարգիս Գալստեան:

Փառատօնի մասնակիցները այցելեցին Արցախի տեսարժան վայրեր, հասցուցին սիրել եւ իրենցը դարձնել Արցախը, իսկ Սեպտեմբեր 3-ին փառատօնը իր ներկայութեամբ պատուեց ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը: Բարձրաստիճան հիւրին համար ասմունքելու հնարաւորութիւն ունեցած սակաւաթիւ մասնակիցներէն չորսը «Հայորդաց տան» սաներն էին:Բանաստեղծութիւնները լսելէ յետոյ ԼՂՀ նախագահը նշեց, որ աշխարհի տարբեր ծայրերէ հայ երիտասարդներու այցելութիւնը Շուշի եւ մասնակցութիւնը Ասմունքի համահայկական փառատօնին կ’ընկալուի իբրեւ նուէր մարտնչող Արցախին:

Փառատօնը իրականացուած էր` ՀՀ Սփիւռքի եւ ԼՂՀ Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մարմնակրթութեան նախարարութիւններու աջակցութեամբ: Փառատօնի իրականացումը հովանաւորած էին ամերիկահայ որոշ բարերարներ` Ալէք Պաղտասարեանի գլխաւորութեամբ․ մասնակիցներու կեցութեան ծախսերը հոգացած էր «Աւան Շուշի պլազան»:

Օգոստոս 4-ին փառատօնի ծիրէն ներս Սբ․ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուեցաւ «Ի յիշատակ ամենայն սրբոց եւ նահատակաց հայոց» խաչքարի օծման արարողութիւն․ այն կանգնեցուած էր «Արուեստ առանց սահմաններու» ՀԿ նախագահ Վահան Արսէնեանի եւ իր ընկերներու ջանքերով: Խաչքարի օծումը իրականացուց եւ փառատօնի մասնակիցներուն օրհնեց Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան:

Նոյն օրը կայացաւ փառատօնի հանդիսաւոր փակումը․ փառատօնի երկրորդ մրցանակակիր Սիւզաննա Վանեան արժանացաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ ԼՂՀ Կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւններու պատուոգիրներուն: Աշխոյժ մասնակցութեան պատուոգիրներու արժանացան նաեւ Եւա Ադամեան, Վարսիկ Չրիկեան եւ Գառնիկ Ասատրեան: Եւայի  եւ Սիւզաննայի պատուոգիրները յանձնեց նաեւ Վահան Արսէնեանը` «Արուեստ առանց սահմաններու» ՀԿ-ի համակրանքին արժանանալու համար:

Փառատօնի անմիջական հովանաւոր Ալէք Պաղտասարեան, մեր այն հարցին, թէ որն է նմանօրինակ փառատօններու իրականացման մղիչ ուժը` պատասխանեց․ «Աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ բնակող հայ պատանիներուն իրարու հետ ծանօթացնելու, Արցախ բերելու նպատակ կար, իսկ ատոր կը համադրուէր ասմունքի հանդէպ սէրը, որն ալ խթան եղաւ, որպէսզի ստեղծուի գրականագէտներէ, արուեստասէրներէ բաղկացած  խումբ մը եւ Ասմունքի համահայկական փառատօնի հիմքը դրուի: Փառատօնի ընթացքին տարբեր երկիրներու մէջ մեծցած պատանիները Արցախի մէջ ծանօթացան իրար հետ, տեսան, որ իրենք նման են իրար, իսկ ատիկա նոր ընկերներ ձեռք բերելու, Արցախը սիրելի եւ այնտեղ վերադառնալու հնարաւորութիւն կու տայ»:

Փառատօնին մրցանակային տեղեր չզբաղեցուցած մասնակիցները եւս կը հեռանային յաղթողի հոգեբանութեամբ, քանի որ անոնք ծանօթացած էին իրենց հայրերու ազատագրած յաղթական քաղաք Շուշիին, եղան տարբեր տեսարժան վայրերու մէջ, ստացան թեմի առաջնորդ Պարգեւ Սրբազանի օրհնութիւնը, ձեռք բերին նոր ընկերներ եւ կրկին փառատօնին մասնակցելու ակնկալիքով` սկսան սպասել եկող տարուան:

ասմունքասմունք1 ասմունք3ասմունք4

 

Scroll Up