«Իմ Հայաստան-2014» .Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք Եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Ընդունեց Մոսկուայի «Հայասա» Պարային Համոյթի Անդամները

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօրի» թղթակիցը,  ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի մասնակից պարախումբերէն Մոսկուայի «Հայասա» համոյթը գրանցած յաջող ելոյթներէն ոգեւորուած` որոշած էր ուխտագնացութիւն կատարել դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ օրհնութիւն ստանալ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն: Յիշեցնենք, որ այս համոյթը կը գործէ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի  հայոց թեմի հովանիի ներքոյ:

Համոյթի անձնակազմը, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի առաջնորդութեամբ, այցելեցին Մայր Աթոռ` իրենց ուխտը կատարելու համար: Անոնք նախ մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, մոմեր վառեցին տաճարին մէջ` ի երախտիք «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու եւ Հայաստանի մէջ հաճելի օրեր իրականացնելու համար: Բոլորն անհամբերութեամբ կը սպասէին Վեհափառ Հայրապետի հետ հանդիպման:

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գրկաբաց ընդունեց պարախումբի անդամները, օրհնութիւն բաշխեց բոլորին, ապա ողջոյնի եւ օրհնութեան խօսք ըսաւ, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի. «Սիրելի՛ հայորդիներ, համոզուած եմ, որ հայրենի հողի վրայ  ձեր գեղեցիկ պարերով գերել էք բոլորին, շնորհակալ եմ Եզրաս Սրբազանին, որ ամենօրեայ սրտացաւ աշխատանքի շնորհիւ ձեզ համախմբում է Եկեղեցու եւ Հայրենիքի շուրջը, համոզուած եմ նաեւ,որ օտար ափերում խանդավառօրէն էք ներկայացնում մեր մշակոյթը, քանի որ այդ ամէնով ինքներդ մեծ նպաստ էք բերում մեր հայրենիքին եւ ժողովրդին, նորանոր բարձունքների գրաւում եւ անձնական յաջողութիւններ եմ ցանկանում բոլորիդ, թող Աստուած օրհնի ձեզ»:

Վեհափառ Հայրապետի հետ հանդիպումէն ետք  Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի  ուղեկցութեամբ «Հայասա» համոյթի անդամները շրջայց կատարեցին Մայր Աթոռի տարածքը, սրբազանի մեկնութեամբ ծանօթացան այնտեղ  գտնուող շինութիւններու ստեղծման պատմութեան, նշանակութեան մասին եւ վերջաւորութեան լուսանկարուեցան իրարու հետ:

Scroll Up