«Իմ Հայաստան» Երգը Կոչ է Աշխարհասփիւռ Հայութեան. տեսանիւթ

Ուզպեքստան բնակող երիտասարդ երգիչ Մասիս Մինասեան, որ երաժշտական բազմաթիւ մրցոյթներու մասնակից է եւ մրցանակակիր, «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութեան ժամանակ հանդիսատեսին ներկայացաւ «Իմ Հայաստան» երգի անդրանիկ կատարումով:

«Երբ ձմեռը հանդիպեցայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ան, հետաքրքրուելով յառաջիկայ ծրագիրներուս մասին,  հրաւիրեց մասնակցելու ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնին: Հրաւէրը սիրով ընդունելով` խոստացայ նոր երգ կատարել»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Մասիս Մինասեան եւ աւելցուց, որ միշտ զգացած է Սփիւռքի նախարարի ջերմ վերաբերմունքն իր նկատմամբ` յիշելով Հրանոյշ Յակոբեանի հետ 2010 թուականին տեղի ունեցած առաջին հանդիպումը, որուն ընթացքին արժանացած է «Հայ երգի փոքրիկ դեսպան» կոչումին եւ համապատասխան հաւաստագիր ստացած:

Երգի բառերու հեղինակը Իննա Մկրտչեանն է, իսկ երաժշտութիւնը գրած է Շուշան Սարգսեան, որ երկար տարիներ կ’ապրի Ուքրանիոյ մէջ: Կը նախատեսուի նկարահանել նաեւ երգի տեսահոլովակը:

Մասիսի փոխանցմամբ` «Իմ Հայաստան» երգը հայրենասիրական, զգացմունքային, հոգիի դիպչող ստեղծագործութիւն ըլլալէ բացի, նաեւ կոչ է աշխարհասփիւռ հայութեան, որպէսզի օտար ափերէն տուն վերադառնան եւ հայաստանցիներուն հետ միասին կառուցեն իրենց Հայրենիքը:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up