«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնին Մասնակից Երգչախումբերը Այցելեցին Շիրակի Մարզ

Օգոստոս 5-ին մեկնարկեց Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի «Խմբերգային արուեստի օրերը», որուն ծիրէն ներս  մասնակից երգչախումբերը Օգոստոս 7-ին այցելեցին Շիրակի մարզ:

Գիւմրիի մէջ Սփիւռքէն ժամանած երգչախումբերը այցելեցին Սուրբ Աստուածածին Եօթ Վէրք եկեղեցի:

Երեկոյեան Գիւմրիի քաղաքապետարանի Ա. Բրուտեանի անուան թիւ 4 երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ համերգային ծրագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Ռուսաստանի «Շողեր», Վրաստանի «Ներսէս Շնորհալի», Լիբանանի «Այգ» երիտասադական, Արցախի «Վարանդա», Եգիպտոսի «Արաքս», Էսթոնիոյ «Երազանք», Իրանի «Տաթեւ» երգչախումբերը:

«Շողեր» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար Լենա Բէգլարեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ իր ղեկավարած երգչախումբերը առաջին տարուընէ մասնակցած են «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Գեղարուեստական ղեկավարի խօսքով` երգչախումբի անդամները ուրախ են, որ փառատօնի ծիրէն ներս հնարաւորութիւն կ’ունենան այցելելու Հայաստան եւ իրենց երգը ներկայացնելու հայաստանեան հանդիսատեսին:

Երգչախումբի երգչուհի Ռուզաննա Սաֆարեան նշեց, որ երկրորդ անգամ կը մասնակցի փառատօնին եւ շատ ոգեւորուած է, որ այս պահուն Հայաստանի մէջ է:

Արցախի «Վարանդա» երգչախումբի ելոյթէն առաջ գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քեշիշեան նշեց, որ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ժամանակ զոհուած է «Վարանդայի» նախկին երգիչ Սարգիս Գասպարեան: «Միասնութիւնը զօրութիւն է». այս խօսքերով Զաքար Քեշիշեանի ղեկավարած երկու երգչախումբերը` «Այգ»-ը եւ «Վարանդա»-ն, կատարեցին «Ապրիլ կրկին» ստեղծագործութիւնը:

Համերգի աւարտին ելոյթ ունեցան Գիւմրիի Հայորդաց տան սաները, որոնք պարգեւատրուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով:

«Իմ Հայաստան» համահայ­կա­կան փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Էդուարդ Եսայեանց շնորհակալութիւն յայտնեց Շիրակի մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեանին` փառատօնի սփիւռքահայ մասնակիցներուն հիւրընկալելու համար: Եգիպտոսի «Արաքս» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարը Միհրան Ղազելեան յուշանուէր յանձնեց Շիրակի մարզպետարանին:

Տաթեւ Դաւթեան

շիրակշիրակ1շիրակ2շիրակ3 շիրակ4շիրակ5շիրակ6շիրակ7 շիրակ8շիրակ10 շիրակ11շիրակ12 շիրակ13շիրակ14 շիրակ15 շիրակ16

Scroll Up