«Տուտուկի Փառատօն»-ի Մասնակիցները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ
Սեպտեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս «Տուտուկի փառատօնի» մասնակիցները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով փառատօնի մասնակիցներուն` տուտուկի միջոցով աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ հայ ազգային երաժշտութիւնը լսելի դարձնելու համար, ան նշեց. «Ուրախ եմ ողջունելու ձեզ Սփիւռքի նախարարութիւնում: Անշուշտ, մեծ գնահատանքի են արժանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տանը երէկ տեղի ունեցած հիանալի համերգին ձեր կատարած հրաշալի ելոյթները: Ցանկանում եմ այս փառատօնը առանձնացնել նրանով, որ այն նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին: Այսօր մենք տօնում ենք մեր պետութեան գոյութեան ամենագեղեցիկ տօներից մէկը, եւ գլխաւորն այն է, որ մենք պահում, պահպանում ենք մեր ազգայինը, հայկականը` մեր ազգային ծիրանափողը: Փառատօնն առիթ է, որ դուք աւելի նախապատրաստուէք, նոր գործեր սովորէք, նոր հադիսատես նուաճէք, ինչպէս նաեւ ծանօթութիւններ հաստատէք տարբեր երկրների եւ մշակոյթների կրողների հետ: Փառատօնը նաեւ մեծ հնարաւորութիւն է տալիս վարպետութեան դասեր վերցնել մեծանուն երաժիշտներ Գէորգ Դաբաղեանից, Ջիւան Գասպարեանից: Եւս մէկ անգամ ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզ` նուիրումի եւ ստեղծած արուեստի համար: Հաւատում եմ` Հայաստանը այնքան էք սիրել, որ այսուհետ առաւել յաճախ կ’այցելէք ծիրանփողի երկիր:
Նախարարի պաշտօնակատարը նաեւ աւելցուց, որ մտադրութիւն կայ կազմակերպելու ազգային նուագարաններու միջազգային փառատօն, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ մէկ բեմի վրայ համախմբելու հայ եւ օտար երաժիշտները:
Գերմանացի երաժիշտ Սորէն Պիրկէն նշեց, որ հինգերորդ անգամն է, որ Հայաստան կու գայ, եւ ամէն անգամ հայ հանդիսատեսի ջերմութիւնը, մշակոյթը զինք մեծապէս կ’ոգեշնչեն: Հայ մեծանուն տուտուկահարներ Ջիւանը եւ Գէորգը իսկապէս կրցած են տուտուկը տարածել աշխարհով մէկ` կամուրջ ստեղծելով հայ եւ միւս ժողովուրդներու մշակոյթներուն միջեւ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով փառատօնին մասնակցելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար` Արցախի մասնակից Յակոբ Պապայեան նշեց, որ մէկ բեմի վրայ բազմաթիւ հայ եւ օտար երաժիշտներու հետ հանդէս գալը կ’ոգեւորէ եւ մեծ ուժ կու տայ իրեն:
Այնուհետեւ նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան փառատօնին մասնակցելու համար Յակոբ Պապայեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» յուշամետալով եւ յանձնեց հաւաստագիր:
Փառատօնի մասնակիցները կիսուեցան իրենց տպաւորութիւններով, կարծիքներով եւ նշեցին, որ նմանօրինակ փառատօները իւրայատուկ հարթակ են համախմբելու ինչպէս հայ, այնպէս ալ օտար երաժիշտներուն: