«Աւետիս» Պարախումբը` Հայ Ազգագրութեան Աւանդութեան Պահպանման Դարբնոց
«Հայերն այսօր»-ի անդրադարձը Աթէնքի «Աւետիս» մանկապատանեկան նորաստեղծ պարախումբին մասին է, որ չնայած կարճ ստեղծագործական ուղիին` հասցուցած է ճանաչում ձեռք բերել ոչ միայն յունահայ համայնքէն ներս, այլեւ` համայնքի շրջանակներէն դուրս:
«Աւետիս»-ը այս տարի մասնակցեցաւ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնին:
Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Շուշանիկ Սեմէրճեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ փառատօնին ելոյթ ունենալէ ետք երեխաները աւելի կապուած են Հայաստանին եւ կը ցանկան կրկին «Իմ Հայաստան» գալ:
Շուշան Սեմէրճեան ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գեղարուեստական ստեղծագործութեան հանրապետական կեդրոնի շրջանաւարտ է եւ երկրորդ կարգի պարուսոյց-մանկավարժ: Ինչպէս նաեւ Պարի միջազգային խորհուրդի անդամ է:
Շուշան այժմ հեռակայ ուսուցում կը ստանայ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի Պարարուեստի բաժանմունքին մէջ:
Պարախումբի տնօրէնը Շուշանի ամուսինն է` Կարէն Յակոբեան, որ կազմակերպչական որեւէ հարցով միշտ նեցուկ է կնոջը:
Պարախումբին նպատակն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ միշտ բարի լուրեր սփռելը
Հաստատուելով Յունաստան` Շուշանը որոշած է հայապահպան գործունէութեամբ զբաղուիլ` հայ երեխաներուն ծանօթացնելով ազգային արժէքներուն: Այդպէս, 2013 թուականին Աթէնքի մէջ կը հիմնէ պարախումբը` նպաստելով հայկական մշակոյթի տարածման: Պարախումբին նպատակն է մատաղ սերունդին հայ ազգագրութեան մօտ պահելը:
Շուշանի վստահեցմամբ` թէեւ Աթէնքի մէջ հայկական դպրոցներ կան, համայնքը աշխուժօրէն կը գործէ տարբեր հայապահպան ծրագիրներ իրականացնելով, բայց ամէն պարագայի երեխաները կը մեծնան այլ հոգեբանութեամբ, քանի որ օտար միջավայրը իր ազդեցութիւնը կը ձգէ:
Սկիզբը պարուսոյցը սկսած է ընդամէնը մէկ երեխայի հետ պարապիլ, որն իր քրոջ աղջիկը եղած է: Ժամանակի ընթացքին արդէն խումբը ընդլայնուած է:
Պարախումբը «Աւետիս» անուանուած է, քանի որ նպատակ ունին կատարած աշխատանքով միշտ բարի լուրեր եւ լաւ տրամադրութիւն սփռել թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Կազմին մէջ ընդգրկուած են ոչ միայն Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն Աթէնք եկած, այլեւ` յունահայ համայնքի երեխաներ:
«Աւետիս» –ը ԵՈՒՆԵՍԿՕ–ի պարի միջազգային խորհուրդի անդամ
Այսօր «Աւետիս» կը յաճախէ 35 երեխայ: Պարախումբի կազմի ընդլայման նպաստած են համերգային ելոյթները յունահայ համայնքին եւ յունական շրջանակներուն մէջ:
Պարախումբին մէջ, սակայն, տղաներու բացակայութիւն կը նկատուի: Եւ քանի որ խումբին մէջ աղջիկները կը գերակշռեն, պարուսոյցը անոնց ոգեւորելու, միաժամանակ ազգային ակունքներուն ծանօթացնելու նպատակով` յանձնարարած է ժամանակակից տիկնիկներու վրայ հայկական տարազներու տարրերով հագուստներ կարել: Աղջիկները իրենց երեւակայութեան սահմաններուն մէջ հայկական գաւառներու տարազները խորհրդանշող հագուստներ պատրաստած են, որոնք յետագային ցուցադրութեան ներկայացուած են:
Պարախումբին կը սատարէ Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, որուն սրահներէն մէկուն մէջ տեղ յատկացուած է շաբաթական երկու անգամ պարի փորձերը իրականացնելու համար:
Պարախումբը նաեւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի պարի միջազգային խորհուրդի անդամ է:
«Աւետիս»-ը «Իմ Հայաստան» Փառատօնին Մասնակցիլը Կարեւոր Ձեռքբերում Կը Համարէ
Պարախումբը 6 պարուհիներով առաջին անգամ մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնին: Անսալով նախարարութեան տարածած յայտարարութեան` բոլորը միակամ որոշած են Հայաստան գալ մշակութային իրադարձութեան մաս կազմելու համար:
Շուշան Սեմէրճեան նշեց, որ մինչ Հայաստան այցելելը բոլորը խանդավառուած, պատասխանատուութեան մեծ զգացումով մասնակցած են պարի փորձերուն, որպէսզի Մայր հայրենիքի մէջ յաւուր պատշաճի ելոյթ ունենան:
Պարախումբի տնօրինութիւնը եւ պարուհիները շատ գոհ մնացած են փառատօնին մէջ անցուցած օրերէն, կ’ըսեն` անջնջելի յիշողութիւններ իրենց հետ տարած են Աթէնք: Անոնց յատկապէս տպաւորած են մարզային ելոյթները:
Պարախումբին փառատօնի ծիրէն ներս բախտ վիճակուեցաւ ելոյթ ունենալու Արցախի եւ Վայոց ձորի մարզին մէջ: Արցախի շրջագայութենէն բոլորը ազդուած են. յիշելով ատրպէյճանական սանձարձակ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տեղի ունեցած արցախեան քառօրեայ պատերազմը` յուզուած են եւ այդ հոգեվիճակով ելոյթ ունեցած:
Պարուսոյցը կարեւոր կը համարէ յունահայ երեխաներու այցելութիւնը Վայոց ձոր եւ Արցախ այն պատճառով, որ անոնք սեփական աչքով կրցան տեսնել, թէ իրենց հասակակիցները սահմանամերձ գիւղերու մէջ ինչ դժուարին պայմաններու մէջ կ’ապրին եւ թէ ինչի կարիքը ունին:
Պարախումբի երեխաներու ուշադրութենէն Արցախի մէջ բան չէ վրիպած. անոնք Արցախի «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշարձանի տարածքէն ծաղիկներ քաղած են եւ իրենց հետ յիշատակի համար Յունաստան տարած:
Պարախումբի աղջիկներէն մէկն ալ պարուսոյցին անընդհատ ըսած է, որ շատ հաւնած է Հայաստան եւ չի ցանկար Աթէնք վերադառնալ:
«Իմ Հայաստան» փառատօնին մասնակցելով` «Աւետիս»-ը Հայաստանի հետ կապը աւելի ամրապնդեց: Արդէն որոշած են` 2018 թուականին կայանալիք փառատօնին աւելի ընդլայնուած կազմով մասնակցիլ:
«Աւետիս»-ի երեք տարուան ստեղծագործական ճանապարհը
2014թ. «Աւետիս»-ը մասնակցած է Աթէնքի մէջ կայացած Միջազգային հնդեւրոպական պարերու աշխարհահռչակ փառատօնին (International Bollywood dance festival), յունական պետական Տորա Սթրաթու թատրոնին կողմէ կազմակերպուած «Էմելիա» ազգագրական պարերու փառատօնին: Նոյն թուականին մասնակցած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Պարի միջազգային խորհուրդի գիտաժողովին` «Հայերու մուտքն ու մշակոյթը Յունաստանի մէջ» խորագիրով, իսկ 2015թ. ռուսական մշակոյթի տան կողմէ իրականացուող «Աշխարհի ռիթմերը» փառատօնին արժանացած է մրցանակի եւ յատուկ պատուոգիրի` ըլլալով ամենակրտսեր ու խիզախ պարախումբը:
Ռումանական մշակոյթի տան կողմէ կազմակերպուած տօնական գեղարուեստական ձեռնարկին «Աւետիս»-ի անդամները ներկայացուցած են հայոց հնագոյն սովորոյթներն ու պարերը, որուն համար Ռումանիոյ դեսպանին կողմէ արժանացած են պատուոգիրի:
2015թ. Ապրիլին պարախումբը մասնակցած է «Ողջերը» խորագիրով մենահամերգ-ձեռնարկին, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այն իր մէջ կը ներառէր պատմութիւն, ասմունք եւ պար: Համերգին ներկայ էին հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ, օտար արուեստագէտներ, մշակոյթի գործիչներ ու հիւրեր: Նոյն թուականին յունական պետական թատրոնի դասախօսութեան բաժինին մէջ պարախումբի ղեկավարները իրականացուցած են «Հայ ազգային նուագարաններ, ազգային տարազ ու պար» խորագիրով գործնական դասախօսութիւն-համաժողով` ազգագրագէտ, յունական ազգային պարերու մասնագէտ Մարիղուլա Գրիտցիոտիի կողմէ արժանանալով տիպլոմի եւ շնորհակալագիրի: Հոկտեմբերին խումբը յատուկ հրաւէր ստացած է մասնակցելու հայերու եւ պոնտոսցիներու Ցեղասպանութեան նուիրուած լայնածաւալ ձեռնարկ-համերգին` կազմակերպուած Պոնտոսցիներու մշակոյթի նախարարութեան կողմէ, ուր յատուկ պատուոգիր եւ մրցանակ ստացած է:
«Աւետիս»-ը բարեգործական համերգով հանդէս եկած է Աթէնքի հայկական ծերանոցին մէջ: 2015թ. ամրան կրկին մասնակցած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի պարի միջազգային խորհուրդի գիտաժողովին` «Հայոց ցեղասպանութիւնն ու ատոր հետքերը հայ մշակոյթի եւ մշակութային ժառանգութեան վրայ» խորագիրով: Գիտաժողովի համերգային բաժինին մէջ ներկայացած է Վասպուրականի պարերով` «Անցեալը դեռ կ’աղմկէ» խորագիրով, ինչպէս նաեւ ցուցադրած է ազգային ձեռագործի, քանդակագործութեան նմուշներ, մանրանկարչութիւն եւ այլն:
«Աւետիս» պարախումբը ոչ միայն կը ներկայացնէ հայկական ազգային պարերը, այլ նաեւ կը փորձէ տարբեր ձեռնարկներով հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու աւանդոյթները փոխանցել հայ երեխաներուն, եւ ապա` աշխարհին:
Շուշանիկ Սեմէրճեանը ու Կարէն Յակոբեանը յետագային մշակութային կեդրոն բանալու գաղափար ունին, ուր ոչ միայն պարի, այլեւ երգի, ազգային նուագարաններու դասընթացներ պիտի կազմակերպուին, Հայաստանէն արուեստագէտներ պիտի հրաւիրուին կեդրոն: Այնտեղ պիտի ըլլայ նաեւ հայկական տարազներու եւ ասեղնագործութիւններու ցուցադրութիւն:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան