Մայր Հողի Վրայ Ելոյթ Ունենալը Երջանկութեան Եւ Հպարտութեան Պահեր Կը Պարգեւէ. Րաֆֆի Աֆարեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի մասնակից Պէյրութի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Քնար» պարախումբի պատասխանատու եւ շրջանային վարչութեան անդամ Րաֆֆի Աֆարեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ներկայացուց պարախումբի գործունէութիւնն ու փառատօնէն ստացած տպաւորութիւնները.
«Մեզի համար Հայաստանի մէջ ըլլալը, մայր հողի վրայ ելոյթ ունենալը` միշտ երջանկութեան եւ հպարտութեան պահեր կը պարգեւէ: Սահմանին կանգնած հայ զինուորներու հպարտութիւնը կը զգանք: Խումբին մէջ վատառողջ մարդիկ կային, բայց անոնք նոյնիսկ այդ վիճակին ելոյթ ունեցան, քանի որ կը գիտակցէին Հայաստանի մէջ պարելու պատասխանատուութիւնը եւ առաքելութիւնը»,-ըսաւ Րաֆֆին:
Րաֆֆի Աֆարեան Սփիւռքի մէջ գործող մշակութային խումբերուն համար կարեւոր կը համարէ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի կազմակերպումը. սփիւռքահայ երիտասարդները կը համախմբուին Հայաստանի մէջ, կը ծանօթանան իրարու հետ, դրական լիցքեր կը ստանան եւ վերադառնալով բնակութեան երկիրներ` ոգեւորուած կը շարունակեն իրենց յետագայ գործունէութիւնը` հզօրացնելով Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կապերը:
«Այն ժողովուրդը, որ մշակոյթ չունի, գոյութիւն ունենալ չի կրնար: Իսկ մենք` հայերս, դարերու խորքէն եկող հարուստ մշակութային ժառանգութիւն ունինք աշխարհին ներկայացնելու, որուն մէկ մասն ալ ազգային պարարուեստը կը կազմէ:
Ազգովի գիշերուզօր պէտք է պայքարինք մեր մշակոյթի պահպանման համար` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Եւ հպարտութեամբ կրնամ ըսել, որ «Քնար» պարախումբը իր տարիներու աշխատանքով կը նպաստէ հայկական մշակոյթի պահպանման ու տարածման»,-իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Րաֆֆի Աֆալրան:
Աւելցնենք, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը արդէն 60 տարուան պատմութիւն ունի: Ստեղծուած է 1956 թուականին` Լիբանանի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ` Վարդգէս եւ Էքլանթին Աբրահամեաններու ջանքերով: 2011 թուականէն խումբի գեղարուեստական ղեկավարն ու պարուսոյցը կը հանդիսանայ ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Խաչիկեան:
Խումբը մասնակցած է շարք մը փառատօներու, ելոյթներ ունեցած է տարբեր երկիրներու մէջ: 1975թ. հայ պարարուեստը ներկայացուցած է Ֆրանսայի Գոնֆոլան շրջանի միջազգային փառատօնին, 1998թ. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` Ապու Տապիի եւ Շարժայի մէջ, ելոյթ ունեցած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, օծման առիթով, 1999թ. Պէյրութի մէջ մասնակցած է Արաբական խաղերու բացման հանդիսութեան, 2000թ.` «Լիբանան-2000» Հայկական օրուան տօնակատարութեան, 2001թ. Լիբանանի մէջ Պրումմանայի եւ 2002թ. Զահլէի փառատօներուն, 2004թ. լիբանանեան «Future TV»-ի կազմակերպած «Woman and man of the year» հանդիսութեան: Նոյն թուականին պարախումբը Հայաստանի մէջ մասնակցած է «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական փառատօնին:
2005թ. «Քնար» պարախումբը «Գայեանէ» պարի դպրոցին հետ համատեղ ելոյթ ունեցած է Պէյրութի «United we run» փառատօնին, 2007թ. ներկայացուցած է «Լիլ ուլա լիլ ալամ» պարային ելոյթը, որ ամբողջովին նուիրուած էր Լիբանանին:
Խումբը բարձր մակարդակով ներկայացուցած է հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը Հայաստանի, Ֆրանսայի, Քուէյթի, Իրանի, Կիպրոսի, Սուրիոյ, Արցախի եւ այլ երկիրներու մէջ:
«Քնար» պարախումբը օրեր առաջ համայնքներու միջեւ կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալուն, մատաղ սերունդին, երիտասարդութեան հայեցի ուսուցման եւ դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելուն, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելուն համար պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ մետալով»:
Գէորգ Չիչեան