«Հայրենիքը Իւրաքանչիւր Հայու Հոգին Է. Քանի Դեռ Ողջ Է Մարդը, Հոգին Անոր Հետ Է». Գարիկ Պապոյեան

«Արի տուն-2016»- ի հերթական` 6-րդ փուլին կը մասնակցին նաեւ Ապխազիայէն ժամանած հայորդիներ` Ապխազիոյ հայկական համայնքի մշակութային կազմակերպութեան ղեկավար Գարիկ Պապոյեանի գլխաւորութեամբ, որուն հետ զրուցած է«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը: 

Գարի՛կ, մինչ այս ծրագիրին առնչուող թեմաներով զրուցելը` անդրադառնանք «Իմ  Հայաստան»  համահայկական փառատօնին Ապխազիայէն եկած պարախումբի  մասնակցութեան ու ելոյթին:

-Ըսեմ, որ ես եկած եմ Ապխազիոյ Կակրա քաղաքէն, կը ներկայացնեմ Ապխազիոյ հայկական համայնքը, որուն մշակոյթի տան գեղարուեստական ղեկավարն եմ: Ես ներկայացուցած եմ Ապխազիոյ «Անի» պարային համոյթը, որ իր ուժերու ներածին չափով կրցաւ գեղեցիկ ելոյթ ունենալ հայաստանեան բեմերուն վրայ. գնահատականը կը ձգենք հանդիսատեսներուն: Խումբի ոչ բոլոր պարողները   եկած են:

Ո՞ր երկիրներէն եկած պարախումբերու ելոյթները  Ձեզի համար ամէնէն տպաւորիչն էին:

-Չեմ կրնար հիացմունքով չխօսիլ  Արժանթինի պարախումբերու հրաշալի, բարձր մակարդակով ելոյթին մասին. ըլլալով Հայաստանէն այդքան հեռու գտնուող  երկրի մէջ` արժանթինահայերը կրցած են ստեղծել նման համոյթներ եւ  ջանասիրութեամբ աշխատելու արդիւնքով  ստանալ  բարձր որակ, ապահովել մասնագիտական մակարդակ:  Լաւ  պատրաստուած էր նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի  պարախումբը, Էսթոնիոյ պարային համոյթի ելոյթը եւս տպաւորիչ էր:  Պէտք է ըսեմ, որ փառատօնին  մասնակցող բոլոր խումբերն ալ,  անշուշտ,  աշխատած էին`  պատշաճ մակարդակով ներկայանալու հայաստանեան հանդիսատեսին եւ միւս երկիրներէն ելոյթ ունեցող  խումբերուն:  Այս փառատօնը ինչ- որ տեղ նաեւ մեզի համար իւրօրինակ ստուգատես էր, սեփական խումբերու  մակարդակի որակաւորում.  իւրաքանչիւր ելոյթ որեւէ բեմի վրայ` պարախումբերու,  երգիչ-երաժիշտներու համար նաեւ ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւն է:  Շնորհակալութիւ՛ն ՀՀ սփիւռքի  նախարարութեան. այսօրինակ ծրագիրները կը նպաստեն   Սփիւռքի տարբեր  գաղթօճախներ ապրող հայերու  մշակութային  կեանքի զարգացման ու Հայրենիք- Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման:

Գարի՛կ, քանի՞ երեխայ  Ապխազիայէն կը մասնակցի  «Արի տուն-2016»-ի  6-րդ փուլին:

– 12  երեխայ կը մասնակցի, ես ալ իրենց հետ` 13 հոգի ենք Ապխազիայէն: Խումբին մէջ ընդգրկուած են 13 –էն մինչեւ 15 տարեկան երեխաներ, որոնցմէ միայն 2 հոգի  նախապէս եկած են Հայսատան, միւսները առաջին անգամ կու գան Հայրենիք: Ինքս Հայաստան եկած եմ 2015 թուականին. ատիկա իմ սեփական նախաձեռնութիւնն էր.  եկած էի ` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին  նուիրուած ջահերով երթին:

Ինչպիսի՞ հայկական համայնք ունի Ապխազիան:

-Համախմբուած, կուռ, հայասէր. համշէնահայերը շատ  հայրենասէր են, պատուախնդիր: Համայնքի նախագահ Խաչիկ Մինասեանն ու  համայնքի աշխոյժ  անդամներէն Սիւզան Թովմասեանը շատ կ’օգնեն մեզի, կ’աջակցին  մշակութային բոլոր ձեռնարկներուն:

Ապխազիա եւ Հայաստան. ո՞ւր   կը նախընտրէք ապրիլ ու աշխատիլ  Ձեր կեանքի յետագայ տարիներուն:

-Ես ծնած ու մեծցած եմ Ապխազիոյ մէջ. այստե՛ղ  ծնած են իմ պապերս ու ծնողներս, բայց մշտապէս ունիմ Հայրենիքի զգացողութիւնը, գիտեմ, որ ես  Հայաստան անունով  ամրոց մը ունիմ: Դեռ ամուսնացած չեմ, սակայն կեանքս պիտի կապեմ միմիայն հայուհիի հետ, իմ ընտանիքիս հիմքերը պէտք է ըլլան հայեցի, ամուր, իմ զաւակներս պէտք է խօսին, գրեն ու կարդան հայերէն: Ես շատ կը սիրեմ Հայաստանը, գեղեցիկ Երեւանը, սակայն առայժմ մտադրութիւն չունիմ հեռանալու Կակրանէն, ուր անցած են իմ մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս. պարզապէս մշտական կապի մէջ եմ Հայրենիքիս հետ. այն իւրաքանչիւր հայու հոգին է` անկախ աշխարհագրական տարածքէն եւ քանի դեռ ողջ է մարդը, հոգին անոր հետ է:

Զրուցեց Կարինէ Աւագեան

GarikGarik-2

Աբխազիա-Անի-պարախումբ

Scroll Up