Պոսթընի «Սայաթ-Նովա» Պարախումբը Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Ոսկէ Մետալով

Յուլիս 28-ին «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի մասնակից Պոսթընի «Սայաթ-Նովա» պարախումբը հիւրընկալուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Նախօրէին` Յուլիս 27-ին, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայացած էր նաեւ պարախումբի 30-ամեակին նուիրուած յոբելեանական, բարեգործական համերգ-երեկոն:
Ողջունելով հիւրերը` ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան կարեւոր համարեց «Սայաթ-Նովա» պարախումբի 30-ամեայ գործունէութիւնը, որ ոչ միայն կ’օգնէ Սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդներուն ծանօթանալու ազգային մշակոյթին, այլեւ օտարին հնարաւորութիւն կու տայ պարի, հայկական երաժշտութեան միջոցով ճանչնալու հայ ժողովուրդին, մեր հազարամեայ մշակոյթն ու պատմութիւնը: «Սփիւռքում մեծ նուաճում է հիմնել պարախումբ, որը տարիներ շարունակ տարբեր բեմերից հանդիսատեսին է ներկայացնում հայ պարը: Նման աշխատանքը պահանջում է տիտանական ջանքեր եւ փաստում` յամառ, նպատակասլաց աշխատանքի եւ մեծ նուիրումի մասին»,-նշեց Սերժ Սրապիոնեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Իմ Հայաստան» փառատօնին մասնակցելու համար, որ հնարաւորութիւն կու տայ Սփիւռքի մէջ գործունէութիւն ծաւալող պարախումբերուն ելոյթ ունենալ Հայաստանի մէջ:
Կատարելով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրամանը, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նշանակալի ծառայութիւններ մատուցելու, մատաղ սերունդին, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար, Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով պարգեւատրեց Պոսթընի «Սայաթ-Նովա» պարախումբը:
Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Աբօ Աշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ պարգեւատրման համար եւ նշեց, որ իրենց համար մեծ պատիւ է ելոյթ ունենալ հայրենիքի մէջ: «Պարախումբի անդամներէն շատերը առաջին անգամ Հայաստան կու գան: Այս այցի ընթացքին անոնք ոչ միայն հնարաւորութիւն ունեցան ելոյթ ունենալու հարազատ հանդիսատեսին առջեւ, այլեւ` ճանչնալու իրենց հայրենիքը: Պարախումը ելոյթներ ունեցաւ Վանաձորի մէջ, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ, Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, Հայոց բանակի զինուորներուն առջեւ: Այս ամէնը ոգեւորութեան մեծ լիցքեր հաղորդած է խումբի անդամներուն, որոնք շաբաթը 3-4 անգամ կու գան փորձերու ու իրենց ազատ ժամանակը կը նուիրեն հայ մշակոյթն ու արուեստը սորվելուն ու տարածելուն»,- նշեց Աբօ Աշճեան եւ պարախումբին անունէն փոքրիկ յուշանուէր յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան: