«Իմ Հայաստան» Համահայկական 3-րդ Փառատօնի Պարային Խումբերը Ելոյթ Ունեցան Իջեւանի Զօրամասերէն Մէկուն ՄԷջ

Յուլիս 27-ին Իջեւանի թիւ N զօրամասին մէջ ելոյթ ունեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի մասնակից պարախումբերը:
Ազգային պարերու կատարումներով հանդէս եկան Արժանթինի «Մասիս», Ուքրանիոյ Տնեփրոփեթրովսք քաղաքի «Նիքա-Տանս» եւ Խարկովի «Արաքս», Ռուսաստանի Կելէնճիկ քաղաքի «Նուռ» եւ «Անի», Կիորկիեւսկի «Գարուն» եւ Տոնի Ռոստովի «Հայաստանի փայլեր» պարախումբերը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն փոխանցեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Երեմ Սիմոնեան: Ան բարի ծառայութիւն մաղթեց բոլոր զինուորներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց Սփիւռքէն ժամանած պարախումբերուն ջերմօրէն ընդունելու համար: