«Իմ Հայաստան» Փառատօնի Մասնակիցները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր. լուսանկարներ

Հայերն այսօրի փոխանցմամբ` Յուլիս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ, ծաղիկներ դնելով յաւերժական կրակին մօտ, յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ խումբերը եղան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, ուր ծանօթացան Հայոց Մեծ եղեռնի պատմութեան: Ուշագրաւ էր տեսնել` ինչպէս սփիւռքահայ երեխաները կ’ուսումնասիրէին ցուցադրուած լուսանկարները, տեսանիւթերը: Անոնք ծանօթացան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ բացուած նոր ցուցադրութեան, որ կը գործէ 2015թ. Ապրիլ 21-էն: Ցուցադրութիւնը նուիրուած է, հայերու կրած դաժանութիւններուն մասին պատմող «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքի հեղինակ եւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած, Ավրորա Մարտիկանեանին:

Մարիաննա Անանեան

իմ հայաստանիմ հայաստան1 իմ հայաստան2իմ հայաստան4 իմ հայաստան5իմ հայաստան6 իմ հայաստան7իմ հայաստան8 իմ հայաստան9իմ հայաստան10

Scroll Up