Մեր Ճանապարհներու Վերջնակէտը Հայաստանն է. «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016

Դեռեւս 1815 թուականին Մոսկուայի մէջ մեծահարուստ Լազարեանները հիմնեցին հայկական վարժարան, որ յետագային  շատ մեծանուն հայորդիներու հոգեւոր եւ մտաւոր կերտման դարբնոց պիտի ըլլար: Այն իրօք մտքի կաճառ էր, որուն աւանդոյթները մոսկուահայերը պահպանեցին` այսօր ալ կարենալով հիմնել այնպիսի հայկական  դպրոցներ, որոնք ինքնութեան եւ ազգայինի պահպանման ամենաիսկական կառոյցներն են:

Ռուսերէնը երթալով կը դառնայ աշխարհի ամենատարածուած լեզուներէն մէկը, այս պարագային ապրելով եւ մեծնալով ռուսական միջավայրի մէջ` հայ մանուկին համար  դժուար է հաւասարապէս տիրապետել նաեւ մայրենի հարազատ լեզուին: Այս ամէնին գիտակցումով եւ անմնացորդ նուիրմամբ  աչքի կ’իյնան յատկապէս հայ ուսուցիչները` մերօրեայ իրական հերոսները: Աշխարհի մեծերէն մէկը ըսած է. «Ուսուցիչը կ’աշխատի ամենապատասխանատու խնդրի    վրայ.   Ան կը ձեւաւորէ մարդը»: Ունենալով իրօք իրական ու նուիրեալ ուսուցիչներ Սփիւռքի մէջ` մենք կրնանք վստահ ըլլալ, որ սփիւռքահայ երեխաները լաւ մարդիկ եւ առաջնահերթ` լաւ հայեր կը մեծնան:

Այդպիսի նուիրեալ-ուսուցիչ է նաեւ մոսկուաբնակ Սեդա Խաչատրեանը, որ կը մասնակցի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի  «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքին: Տիկին Խաչատրեան «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին հէնց սկիզբէն կը նշէ. «Ծննդավայրս Հայաստանն է, հայրենիքս Հայաստանն է, պարզապէս կ’ապրիմ Մոսկուայի մէջ` դարձեալ հայրենիք վերադառնալու բաղձանքով: Մեզմէ ոեւէ մէկը մշտական չէ հեռացած հայրենի հողէն, ո՛չ, մենք բոլորս  օր մը ետ պիտի գանք, որովհետեւ մեր ճանապարհներու վերջնակէտը Հայաստանն է»:

Հայերէնի ուսուցչուհին նախքան Մոսկուա մեկնիլը տաս տարի աշխատած է հայրենիքի մէջ, այստեղ եւս կրթած ու դաստիարակած է իր աշակերտներուն: Սակայն կեանքը մէկ այլ առաքելութիւն  նախատեսած էր տիկին Սեդային համար. հոգեպէս կերտել ու կրթել հայորդիներ հայրենիքէն հեռու: Մոսկուայի մէջ աշխատելով շարք մը հայկական կրթահամալիրներու, դպրոցներու, Հայորդեաց տան մէջ` հայերէնի բազմափորձ ուսուչուհին այժմ Մոսկուայի մէջ կը դասաւանդէ ռուսական դպրոց-մանկապարտէզի մէջ` որպէս մանկավարժ-հոգեբան, եւ ազգութեամբ հայ երեխաներուն համար կը կազմակերպէ հայերէնի մէկօրեայ կամաւոր դասընթացներ: Մանկապարտէզին մէջ ունի նաեւ հայկական խմբակ:

«Շատերը կ’ըսեն, որ ինքնութենէն նահանջը այսօր համայն հայութեան առաջնային խնդիրներէն մէկն է: Սակայն ես, տարիներ շարունակ օտար հողի վրայ հայ սերունդներ կրթելով, կը նկատեմ, որ օր օրի վերադարձ կայ հայկականին, հայու ինքնութեան, պատմութեան, նկարագրին: Մեզի համար երկար ժամանակ խնդիր  եղած են խառնամուսնութիւնները, սակայն այսօր այնքան գեղեցիկ միտում կը նկատեմ, երբ ռուս ծնողը եւս շահագրգռուած է, որ երեխան հայերէն սորվի, հայեցի մեծնայ, հետեւաբար` խառնամուսնութենէն ծնած երեխան կը մեծնայ լիակատար հայ»,-  կը նշէ տիկին Սեդա Խաչատրեան:

Ուսուցչուհին նաեւ կը նկատէ մէկօրեայ դպրոցի դժուարութիւնները, երբ  քանի մը ժամուան մէջ ուսուցիչը խնդիր ունի աշակերտին մատուցելու հայոց լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ: Յստակ կրթական ծրագիրի բացակայութեան պարագային այս խնդիրը առաւել բարդ կը դառնայ, սակայն ուսուցիչը կրնայ ելք գտնել: «Ես նաեւ Մոսկուայի Հայորդաց տան մէջ կ’աշխատիմ: Այն միայն դպրոց չէ, հայկական մշակոյթի բոլոր դրսեւորումները կը ներառէ իր մէջ` դառնալով հայապահպանութեան  հսկայ կառոյց մը, երբ 6-60 տարեկան իւրաքանչիւր մարդ, որուն կը հետաքրքրէ հայկականը, կրնայ գալ, սորվիլ, իւրացնել, ընկալել: Այլ է կիրակնօրեայ դպրոցի աշխատանքը, երբ մօտեցումը աւելի խորը եւ համապարփակ պէտք է ըլլայ: Ես ամէն տարի ինծի համար նոր ծրագիր կը նախգծեմ` ելլելով հայ աշակերտներուս տարիքային առանձնայատկութիւններէն, սակայն կը ցանկայի ձեռքիս տակ ունենալ որեւէ մշակուած, ձեւաւորուած ծրագիր եւս, որ զիս կ’ընդառաջէր առանց այն ալ քիչ դասաժամերով փորձել առաւել զգալի արդիւնքի հասնիլ»,- կը նկատէ տիկին Սեդան:

Ուսուցչուհին հայ համայնքի հիմնասիւները կը  համարէ ընտանիքը եւ դպրոցը: Մշտական կապի մէջ է իր աշակերտներու ծնողներուն հետ եւ կը փորձէ սերտ համագործակցութեամբ հասնիլ առաւելագոյնին: «Ընտանիքը միայն տունը չէ, ուր երեկոները կը հաւաքուին, կը քնանան, կ’արթննան եւ կը ճաշեմ, ընտանիքը նախ եւ առաջ կենդանի օղակ մը, որմէ ալ կախուած է հասարակութեան կամ համայնքի վաղուան օրը: Մենք կը գիտակցինք այդ ամէնը եւ կը փորձենք ամէնէն առաջ զօրավիգ ըլլալ հայ ամուր ընտանիքներու կառուցման: Այսօր մեր երիտասարդները կը ձգտին զտարիւն հայկական ընտանիքներ կազմել եւ միայն հայկական ազնուական տեսակը փոխանցել իրենց զաւակներուն: Սա մեզ կ’ուրախացնէ եւ միեւնոյն ժամանակ կը պարտաւորեցնէ առաւել ամուր դարձնել հայկական դպրոցը` որպէս երեխայի երկրորդ տուն»,- կը նշէ մոսկուաբնակ ուսուցչուհին:

Ան հպարտ է, որ կրցած է այնպիսի աշակերտներ կրթել, որոնք բարձր կը պահեն հայու անունը ու որոնց շնորհիւ է նաեւ, որ այսօր Մոսկուայի մէջ հայկական համայնքն ու մշակոյթը յարգուած ու սիրուած են: Տիկին Սեդա Խաչատրեան նոյն հայեցի ոգով  դաստիրարակած է նաեւ իր երեք երեխաները, որոնք չնայած ապրած եւ կրթուած են ռուսական միջավայրի մէջ, այնուամենայնիւ, բազում թելերով կապուած են հայրենիքին, որ փոքր տարիքէն բոյն  դրած է  անոնց հոգիէն ներս:

«Ես յաճախ կու գամ Հայաստան: Ամէն անգամ զգացողութիւններս այլ են: Այս անգամ եկած եմ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց, եկած եմ նոր բան սորվելու, տեսնելու ու զգալու: Յայտնի առածը կ’ըսէ` դար ապրի՛ր, դար սորվի՛ր: Այո՛, հիմա այստեղ շատ բան կը սորվիմ, կը ծանօթանամ ու կը մտերմանամ այլ համայնքներէն եկած ուսուցիչներու հետ: Մեզի շատ բան կը կապէ, նախ եւ առաջ` մեր առաքելութիւնը եւ գործը, որ կ’իրականացնենք հայրենիքէն հեռու: Մեզի նաեւ հայրենիքի կարօտը կը կապէ, որ մենք առաւել քան կը զգանք մանկավարժի զգայուն ու մեծ սրտով: Այսօր պատուհանէս Արարատին կը նայէի: Յուզուեցայ ու արտասուեցի: Ամէն անգամ աշակերտներուս կ’ըսեմ` Արարա˜տը, Արարա˜տը: Ու այն այս առաւօտ ամբողջ շքեղութեամբ աչքիս առջեւ էր, այնքա˜ն մօտիկ, աներեւակայելի հարազատ»:

Ամալեայ Կարապետեան

ՍեդաՍեդա1 Սեդա2Սեդա3 Սեդա4 Սեդա5

Scroll Up