Արշալոյս Երեմեան. «Գրասնոտարի Մէջ Հայերէնի Հանդէպ Մեծ Հետաքրքրութիւն Կայ…»

Արշալոյս Երեմեան Գրասնոտարի  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց Թեմի սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ կից գործող  «Արմատ» կիրակնօրեայ դպրոցի եւ Փրիկուբանսկի մանկական ստեղծագործական կեդրոնի «Խաչքար» միաւորման հայոց լեզուի ուսուցչուհին  է:

Տիկին Արշալոյսն իր մասնակցութիւնը  բերած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի սփիւռքի կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստման  դասընթացներուն:

«Խաչքար»  միաւորումն  ունի  45  աշակերտ` կազմուած տարբեր տարիքային 4  խումբերէ («Հայկ», «Յովհաննէս  Թումանեան», «Արեւիկ» եւ «Սասունցի Դաւիթ»):

«Խաչքար»-ի մէջ  դասընթացները  կ’իրականացուին շաբթուան բոլոր օրերուն, բայց հիմնական դասերը կ’ըլլան շաբաթ  եւ  կիրակի  օրերը,  երկու հերթով    տեղի  կ’ունենան` առաւօտեան եւ ցերեկը: Երեխաները կրնան  յաճախել դասընթացներուն օրուան իրենց նախընտրելի ժամուն. այդ առումով ազատ է ծրագիրը:

Ուսուցչուհին նկատած է, որ Գրասնոտարի մէջ հայերէնի հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն կայ: Ծնողները երեխաներուն հայերէն սորվեցնելու ուղղութեամբ խանդավառ եւ պատրաստակամ են: Քաջ կը գիտակցին, որ միայն այդ միջոցով պիտի կարենան իրենց զաւակները կապել Հայաստանին, որպէսզի չմոռնան իրենց հայ ըլլալը: Սաներուն կրթօճախներու մէջ հայերէն ճիշդ խօսիլ, գրել-կարդալ կը սորվեցնեն, ինչպէս նաեւ հայապահպան տարբեր տեղեկատուութիւններ կը հաղորդեն: Ամբողջ դասաժամը սաները կլանուած  մտիկ կ’ընեն եւ ուսուցչուհիէն կը խնդրեն, որ իրենց շատ հայերէն բառեր սորվեցնէ:

Միաժամանակ տարբեր տօներու առթիւ` Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ, Դպրութեան օր, Մայրենի լեզուի օր, Վարդավառ եւ այլն, գեղեցիկ ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, որոնք մեծ շուքով կը տօնուին: Յատկապէս Վարդավառի օրը շատ ուրախ կ’անցնի:

Պարզուեցաւ, որ Արշալոյս Երեմեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեան մէջ է: 2012 թուականին տիկին Արշալոյսը մասնակցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի եւ Ռուսաստանի հայերու միութեան կողմէ իրականացուող համահայկական մրցանակաբաշխութեան, ուր «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» «Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգին մէջ արժանացած է առաջին կարգի մրցանակի: Տիկին Արշալոյսի աղջիկը` Գոհար Ալաւերդեան եւ աշակերտները գործուն մասնակցութիւն կ’ունենան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծագործական շարադրութիւններու մրցոյթներուն եւ տարբեր մրցանակներու կ’արժանանան:

Իսկ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասին ան դեռեւս անցեալ տարիներուն լսած է, սակայն չէ կրցած մասնակցիլ: Այս ծրագիրին մասնակցիլը իրեն համար կարեւոր ձեռքբերում կը համարուէ տիկին Արշալոյս: Ծանօթանալով տարբեր երկիրներու մասնակից ուսուցիչներու հետ` նոր միտքեր, գաղափարներ կը ծնին, որոնք յետագային հնարաւոր է, որ կեանքի  կոչուին: Կ’ըսէ` այստեղ ազատ ժամանակ չեն ունենար, յագեցած է ամէն մէկ օրը, որմէ, բնաւ, չեն դժգոհիր: Շատ հաւնած է շրջագայութիւնները Հայաստանի տարբեր տեսարժան վայրերու մէջ եւ հանդիպումներն անուանի մարդոց հետ: Մեծ եղած է ուսուցչուհիին յուզումը, երբ տեսած է մեծատաղանդ դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանին  :

Վերջաւորութեան Արշալոյս Երեմեան խորին  շնորհակալութիւն  յայտնեց  ՀՀ սփիւռքի  նախարարութեան` յանձին նախարար Հրանուշ Յակոբեանին  եւ   ՀՀ սփիւռքի  նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեանին` արդիւնաւէտ դասընթացներուն, շրջագայութիւններուն եւ բարեկամական յարաբերութիւններուն համար:

 «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մասնակցիլը իրեն դրական լիցքեր հաղորդեց, որուն շնորհիւ ալ վերադառնալով Գրասնոտար` պիտի շարունակէ եռանդով աշխատիլ եւ օտար ափերու վրայ գտնուող երեխաներուն մէջ տարածել հայ գիրն ու գրականութիւնը:

Գէորգ Չիչեան

Scroll Up